
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումը` ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ, տեղի ունեցաւ երէկ յետմիջօրէին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Ռիատին` արձանագրելով 17 կէտի բաւական հանգիստ, տպաւորիչ յաղթանակ մը` 68-51 արդիւնքով (24-12, 10-6, 12-14, 22-19):
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին աստղը հանդիսացաւ Ռեպեքքա Աքըլ, որ նշանակեց 24 կէտ (ամէնէն շատը), 6 ռիպաունտ, 8 էսիսթ, 8 սթիլ:
Անոր խմբակից Ելենա Լիւշենքա տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (23 կէտ, 12 ռիպաունտ), իսկ մնացեալ կէտերը նշանակեցին Շիրին Շերիֆ, Միրամար Մըքտատ (8-ական), Մեղրի Թորոսեան (3) եւ Լէյլա Ֆարես (2):
Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տանիելա Ֆայեատ (14):
Մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ ունեցաւ 22 կէտի առաւելութիւն մը (34-12):
Օրուան իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Ռապիհ Մասրի եւ Ժորժ Սաատ:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 17 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Մանարայի դաշտին վրայ:


