Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 12 մայիսին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 60 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու:
Տեղի ունեցան 8, 10, 12 եւ 16 տարեկան դասակարգերու մրցումներ:
8 տարեկանէն վար 2-րդ դիրքը գրաւեց Նարեկ Փակալեան (4 կէտ), իսկ աղջկանց պարագային 3-րդ հանդիսացաւ Ալիք Գրիգորեան (3 կէտ):
10 տարեկանէն վար 2-րդ հանդիսացաւ Արմէն Մխճեան (4,5 կէտ), մինչ աղջկանց պարագային 2-րդ հանդիսացաւ Հերա Պետիրեան (2 կէտ):
12 տարեկանէն վար Կի Գալուստ 4 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երրորդ, իսկ աղջկանց պարագային յաջորդաբար առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւեցին Վալերա Տոմպուլեան եւ Ալին Գէորգեան (2-ական կէտ):
16 տարեկանէն վար Հայկ Թենպելեան 3 կէտ ապահովելով գրաւեց երրորդ դիրքը (14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ սակայն): Նիքոլա Մուրատեան 4 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 2-րդ (16 տարեկանէն վար), իսկ աղջկանց պարագային Փաթիլ Գրիգորեան հանդիսացաւ առաջին (3 կէտ), մինչ Ալիք Թենպելեան` երկրորդ (3 կէտ):
Մրցումներուն հսկեցին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամներ Ալի Շըհատէ եւ Ալի Ժաուիշ, մինչ մրցումներու հեզասահ ընթացքին մէջ իրենց կարեւոր դերը ունեցան իրաւարարներ Էլի Հուլիշեան, Գէորգ Կոստանեան, Ժիրայր Օգնայեան, Արա Յովակիմեան եւ Ճոնի Թորոսեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի անդամներուն, եւ մասնակցողներու ծնողներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն: