Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 2018-2019 տարեշրջանի 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ կրեց այլ պարտութիւն մը Ռէալ Սոսիետատէն` 3-1 արդիւնքով:
Այս պարտութիւնը արքայական ակումբին համար եղաւ տարեշրջանի 17-րդը` բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին:
21-րդ դարուն անիկա առաջին անգամ ըլլալով է, որ կ՛արձանագրէ այսպիսի անյաջողութիւն:
Վերջին անգամ Ռէալ Մատրիտ տարեշրջանի մը ընթացքին 17 պարտութիւն կրած էր 20 տարի առաջ` 1998-1999 տարեշրջանին: