Անգլիական մամուլը երէկ անդրադարձաւ «Փրեմիեր-լիկ»-ի 2018-2019 աւարտած տարեշրջանին` նշելով, որ 380 մրցումի ընթացքին նշանակուած 1072 կոլերը նոր մրցանիշի մը հաստատումն են:
Նախկին մրցանիշը հաստատուած էր 2011-2012 տարեշրջանին, երբ 20 խումբերը նշանակած էին 1066 կոլ:
Նախորդ տարեշրջանին նշանակուած էր 1018 կոլ միայն:
Այսպիսով, միջին հաշուով իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին նշանակուեցաւ 2,82 կոլ:
Ամէնէն շատ կոլը նշանակեց ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի (95), փոխախոյեան Լիվըրփուլ նշանակեց 89 կոլ, մինչ 5-րդ դիրքը գրաւած (տարեշրջանի վերջնական դասաւորման մէջ) Արսենալ ամբողջացուց լաւագոյն եռեակը` 73 կոլով: