Գերմանիոյ ֆութպոլի «Բ. Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանութեան 33-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Եան Ռեկենսպուրկ 5-3 արդիւնքով յաղթեց առաջին դիրքը արդէն իսկ ապահոված Քէօլնին:
Յաղթական կազմէն ելոյթ ունեցող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Սարգիս Ադամեան տուպլէ մը իրագործեց (34-րդ եւ 68-րդ):
Ադամեանի կազմը այժմ 48 կէտով կը գտնուի 8-րդ դիրքին վրայ: