29 մայիսին տեղի պիտի ունենայ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը Պաքուի մէջ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ աւարտականի այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Իտալիայէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Ճիանլուքա Ռոքի, կողմի իրաւարարները` Ֆիլիփօ Մելի եւ Լորենցօ Մանկանելլի, իսկ չորրորդը` Տանիելէ Օրսաթօ: