Իրենց հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ, Ֆրանսայի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնները յայտարարեցին, որ իրենց երկիրներուն մէջ եւս ախոյեանութեան մրցումները տեղի պիտի ունենան առանց հանդիսատեսներու:
Ֆրանսայի մէջ այս որոշումը պիտի գործադրուի մինչեւ 15 ապրիլ, մինչ Փորթուգալի մէջ առանց հանդիսատեսներու մրցումներու դրութիւնը պիտի շարունակուի ցնոր տնօրինում:
«Քորոնա» ժահրին պատճառով Իտալիոյ կառավարութիւնը որոշեց «Քալչիօ»-ի մրցումները ամբողջութեամբ սառեցնել:
Իսկ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն մեծ մասը կը կատարուի առանց հանդիսատեսներու:
Նշենք նաեւ, որ եւրոպական շարք մը երկիրներ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին դիմեցին` Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի մրցաշարքը յետաձգելու համար:



