Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան 9 մրցումներ:
Պոսթըն Սելթիքս, որ հիւրը եղաւ Ինտիանա Փէյսըրզին, արձանագրեց 114-111 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Սելթիքս այսպիսով հանդիսացաւ չորրորդ խումբը, որ ապահովեց փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը (արեւելեան շրջան):
Անկէ առաջ իրենց տոմսերը ապահոված էին Միլուոքի Պաքս, Թորոնթօ Ռեփթըրզ (արեւելեան շրջան) եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (արեւմտեան շրջան):
Սելթիքսէն Ճէյսըն Թաթում նշանակեց 30 կէտ:

Ուաշինկթընի մէջ, Ուիզըրտծ 122-115 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Եորք Նիքսին: Յաղթական կազմէն Պրետլի Պիլ նշանակեց 40 կէտ:
Սան Անթոնիօ Սփըրզ 10 կէտի առաւելութեամբ` 119-109 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Տալաս Մավըրիքսին: Վերջինէն Լուքա Տոնքիչ նշանակեց 38 կէտ:
Լոս Անճելըսի մէջ, Լէյքըրզ 2 կէտի տարբերութեամբ` 104-102 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Պրուքլին Նեթցէն: Լէյքըրզէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 29 կէտ:
Հիուսթընի մէջ, Ռոքեթց յաղթեց իր հիւրին` Մինեսոթա Վուլվզին, 117-111 արդիւնքով:
Ռոքեթցէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 37 կէտ, մինչ Տ՛անճելօ Ռասըլ (Վուլվզ)` 28 կէտ: