Ինչպէս ծանօթ է, 12 յունիսէն 12 յուլիս տեղի պիտի ունենայ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի մրցաշարքը` եւրոպական 12 քաղաքներու մէջ:
Իր գումարած վերջին ժողովին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ ցարդ որոշում չէ տրուած «Քորոնա» ժահրին պատճառով այս մրցաշարքը յետաձգել, եւ անիկա պիտի կատարուի ճշդուած ժամկէտին:
Կազմակերպութիւնը հերքեց նաեւ այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն, քանի մը երկիրներու ֆետերասիոնները իրեն դիմում ներկայացուցած են խնդրելով, որ մրցաշարքը յետաձգուի: