Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ «Քորոնա» ժահրով չէ վարակուած, յայտնեց ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը:
Նախանցեալ օր բժիշկները կասկածեցան, որ 21 տարեկան յառաջապահը այս ժահրով վարակուած է: Հետեւաբար կատարեցին յատուկ քննութիւններ, որոնք տուին դրական արդիւնք:
Անոր ակումբը յայտնեց, որ ան առողջական պատճառներով չէ մասնակցած խումբին փորձերուն: