«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներէն ետք յստակացան քառորդ աւարտականին հասնող չորս խումբերուն անունները:
Անոնք են` Փարիզ Սեն Ժերմեն, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Աթալանթա եւ Լայփցիկ:
Յիշատակելի եղաւ Աթլեթիքօ Մատրիտին յաղթանակը Լիվըրփուլի դէմ (երկարաձգումէն ետք, 3-2 արդիւնքով)` նկատի ունենալով, որ սպանական կազմը եկաւ վերջ դնելու անգլիական կազմին յաղթանակներու շարքին: Վերջինս իր դաշտին` «Էնֆիլտ»-ի մէջ վերջին 42 մրցումներուն մնացած էր անպարտելի:
Մարզիչ Եիւրկըն Քլոփի գլխաւորած կազմը` Լիվըրփուլ, այս մրցաշարքին գործող ախոյեանն էր: