Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 13-րդ եւ դարձի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 13 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Ռիատիի դաշտին` Մանարայի մէջ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն ճիգ ի գործ դնել եւ խմբային լաւ խաղարկութիւն մը կիրարկել` յաղթանակ արձանագրելու նպատակով:
Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, ՀՄԸՄ արձանագրած է 3 յաղթանակ եւ կրած 9 պարտութիւն, մինչ Ռիատի` 10 յաղթանակ եւ 2 պարտութիւն:
Այսօր տեղի պիտի ունենայ այլ մրցում մըն ալ, երբ երեկոյեան ժամը 16:45-ին, Անդրանիկ Պէյրութ հիւրը պիտի ըլլայ Շանվիլի:


