Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցող Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքը, վաղը` կիրակի, 15 յունուարին կը հասնի իր աւարտին, երբ կը կատարուի աւարտական հանգրուանի մրցումը, Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ, ժամը 20:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Ֆահտ թագաւորի անուան մարզադաշտին մէջ:
Նշենք, որ երկու կազմերն ալ աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին իրենց մրցակիցներուն յաղթելով փենալթիներով:
Պարսելոնա յաղթեց Ռէալ Պեթիսին (2-2, իսկ փենալթիներով` 4-2), մինչ Ռէալ Մատրիտ` Վալենսիայի (1-1, ապա փենալթիներով` 4-3):


