Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականները յատուկ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարեն Ծաղկաձորի մէջ:
Հաւաքականներուն մէջ ընդգրկուած են ազգային եւ երիտասարդական հաւաքականներուն մաս կազմող շուրջ 80 մարզիկներ:
Խումբերը հոն իրենց հաւաքը պիտի շարունակեն մինչեւ 22 փետրուար, որմէ ետք իրենց փորձերը պիտի շարունակեն Օլիմփիաւանի մէջ:


