Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէն, իր գումարած արտակարգ ժողովին ընթացքին, որոշեց պաշտօնէն հեռացնել Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Նոյել Լը Կրայէն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Կազմակերպութեան նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը պիտի ըլլայ փոխնախագահ Ֆիլիփ Տիալօ:
Նշուեցաւ, որ այս ամսուան ընթացքին պիտի ստուգուի 81 տարեկան Լը Կրայէի գործունէութիւնը` ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնին գծով, որ ան կը վարէ 2011-էն ի վեր:
Նշենք, որ ան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին անյարգալից արտայայտութիւններով հանդէս եկած էր անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Զինետտին Զիտանի դէմ, որմէ օր մը ետք ներողութիւն խնդրած էր:
Իսկ ֆետերասիոնին մէջ պաշտօն ունեցող Սոնիա Սուիտ Լը Կրայէն մեղադրած էր սեռային բնոյթի ոտնձգութիւններ կատարելու յանցանքով:


