Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող յետսապահ Սթեֆան Սաւիչ եւ Պարսելոնայի յառաջապահ Ֆերան Թորես, «Լա Լիկա»-ի գծով երկուքական մրցումով կախակայուեցան:
Անոնք երկուքը, որոնք իրարու հետ կռուի բռնուած էին եւ իրարու հետ քաշքշուք ունեցած, վերոնշեալ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն կարմիր քարտ ստանալով դաշտէն վտարուած էին:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած «Լա Լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանի այդ մրցումը աւարտած էր քաթալոնական կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:


