Իտալական Եուվենթուսի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող միջնապահ Փոլ Փոկպա, վերականգնելով իր ստացած վնասուածքէն, վերսկսաւ իր փորձերուն, իտալացի Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի գլխաւորած կազմին ընդհանուր խումբին հետ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
29 տարեկան ֆութպոլիստը վնասուածք ստացած էր նախորդ ամառ, Միացեալ Նահանգներու մէջ, տարեշրջանի մեկնարկէն առաջ:
Ան սեպտեմբերին վիրաբուժութեան ենթարկուած էր, այդ պատճառով ալ բացակայած` 2022-ի Մոնտիալէն:
Կ՛ակնկալուի, որ ան ֆութպոլի դաշտերը վերադառնայ փետրուարին:


