Մարզական

Ըմբշամարտ.  Հայկ Խլոյեան Յաղթեց Եւլոյեւի

Ըմբշամարտ. Հայկ Խլոյեան Յաղթեց Եւլոյեւի

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Բենուր Փաշայեանի անուան միջազգային մրցաշարքի 97 քկ կշիռի 1/8-րդ հանգրուանի մրցումին, Հայկ Խլոյեան տպաւորիչ յաղթանակ մը տարաւ Ողիմպիականի եւ երկու անգամ աշխարհի ախոյեան Մուսա Եւլոյեւի դէմ: Ասիկա երկու ըմբիշներուն համար առաջին գօտեմարտն էր այս մրցաշարքին, ուր հայ ըմբիշը 3-2 արդիւնքով յաղթեց: Վճռորոշ պահը եղաւ մենամարտի վերջին 18 երկվայրկեաններուն, երբ Ելոյեւ սխալ մը գործեց, եւ իրաւարարը 2...

Ծանրաբարձութիւն.  Հայաստանի Պատանիներու Հաւաքականը  Կը Մասնակցի 2 Մարզիկներով

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Պատանիներու Հաւաքականը Կը Մասնակցի 2 Մարզիկներով

Հայաստանի հաւաքականը ծանրաբարձութեան պատանիներու (17 տարեկանէն վար) աշխարհի ախոյեանութեան պիտի ներկայանայ 2 մարզիկներով: Հայաստանի հաւաքականը պիտի ներկայացնեն Յարութիւն Աւետիսեան (79 քկ) եւ Ալեն Զուրաբեան (94 քկ): Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Քոլոմպիոյ Քալի քաղաքին մէջ, 5-էն 11 յուլիս: Աղջկանց մրցումներուն Հայաստան ներկայացուցիչ պիտի չունենայ: Ծանրաբարձութեան պատանիներու աշխարհի ախոյեանութիւնը հայ ծանրաբարձներուն համար կարեւոր միջազգային մեկնարկ կ՛ըլլայ եւ կարելիութիւն մը ուժերը չափելու իրենց...

Հրանդ-Լէոն Ռանոսի Վիճակը  Մէկ Ամիսէն Կը Վճռուի

Հրանդ-Լէոն Ռանոսի Վիճակը Մէկ Ամիսէն Կը Վճռուի

Հայաստանի հաւաքականի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս շատ հաւանական է, որ այս ամրան փոխ չտրուի այլ ակումբի: 22 տարեկան ֆութպոլիստի պայմանագրութիւնը Գերմանիոյ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի հետ կ՛երկարի մինչեւ 2027-ի ամառ: Այդ պատճառով գերմանական ակումբը կը փորձէ դիտարկել անոր ամբողջական վաճառքի տարբերակը եւ փոխ չտալ այլ ակումբի անգամ մը եւս: Ըստ «Թրանսֆերմարքեթ»-ի տուեալներուն, Ռանոսի փոխանցման արժէքը արդէն նուազած է 600 հազար եւրոյի: Սակայն իրականութեան...

«Էն. Պի. Էյ.» Մըրենթ Միացաւ Պլէյզըրզի. Լըպրոն Ճէյմս Լքեց Լէյքըրզը

«Էն. Պի. Էյ.» Մըրենթ Միացաւ Պլէյզըրզի. Լըպրոն Ճէյմս Լքեց Լէյքըրզը

Մեմֆիս Կրիզլիզ համաձայնեցաւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի հետ եւ փոխանակեց իր աստղերէն Ճա Մըրենթը` Ճերըմի Կրենթի եւ Քրիս Մարէլի փոխարէն: 26 տարեկան Մըրենթ «Էն. Պի. Էյ.»-ի իր 7 տարեշրջաններն ալ Կրիզլիզի հետ անցուցած էր 2019-ին միանալէ ետք: Երկու անգամ «Օլ Սթարզ» մրցումին մասնակցած Մըրենթ անցեալ տարեշրջանին միայն 20 մրցումներու մասնակցեցաւ քանի մը անգամ վիրաւորուելէ ետք: Ան միջին հաշուով 19,5 կէտ, 8,1...

Ա. Սէ. Միլանի Պատմութեան  Ամէնէն «Սուղ» Փոխանցումը

Ա. Սէ. Միլանի Պատմութեան Ամէնէն «Սուղ» Փոխանցումը

Իտալական Ա. Սէ. Միլան ակումբը յայտարարեց, թէ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբի յառաջապահ Կոնսալօ Ռամոս պիտի միանայ «Ռոսոնետի»-ին: Ըստ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, միլանեան ակումբը փորթուգալցի Ռամոսի համար պիտի վճարէ 74 միլիոն եւրօ: Այս փոխանցումը մրցանիշ է Ա. Սէ. Միլանի պատմութեան մէջ: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Ռաֆայէլ Լէաոյին, որ 2019-ին միացած էր ակումբին 495 միլիոն եւրոյի փոխարէն: Նշենք, որ Ռամոսի փոխանցման այժմու...

«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափեն Կը Շարունակէ Ծիծաղիլ…

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափեն Կը Շարունակէ Ծիծաղիլ…

4 անգամ աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափեն վերջին կրան փրիին շատ յաջող ելոյթ մը ունեցած էր Աւստրիոյ մէջ` գրաւելով այս տարեշրջանի լաւագոյն դիրքը` հարթակի երկրորդ աստիճանին վրայ: Տարեշրջանի 8-րդ մրցումին ան վերջապէս կրցաւ պայքարիլ առաջին դիրքին համար, երբ նախապէս կը գանգատէր այս տարեշրջանի նոր օրէնքներուն դէմ, որոնք ինքնաշարժները շատ դանդաղ դարձուցած էին: Ինչպէս գիտէք, այս տարեշրջանի ինքնաշարժներու ուժը երկուքի բաժնուած էր`...

Պասքեթպոլ.  Լիբանան – Հնդկաստան` 99-56

Պասքեթպոլ. Լիբանան – Հնդկաստան` 99-56

2027-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն գծով, Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը իր 4-րդ մրցումին 99-56 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Հնդկաստանի դէմ: Հակառակ մեծ թիւով վիրաւորներ ունենալուն, Լիբանան կրցաւ խմբային խաղով գերազանցել իր մրցակիցին: Ժիհատ Խաթիպ (16 կէտ), Հայկ Կէօքճեան (16 կէտ), Ամիր Սէուտ (11 կէտ), Քարիմ Զէյնուն (10 կէտ), Սերժիօ Տարուիշ (9 կէտ), Աթեր Մաժոք (8 կէտ), Ալի Մանսուր (7 կէտ),...

2026-ի Մոնտիալ. Գերմանիա Եւ Նետերլանտներ Դուրս Մնացին. Պրազիլ Դժուարութեամբ Յաղթեց Ճափոնին

2026-ի Մոնտիալ. Գերմանիա Եւ Նետերլանտներ Դուրս Մնացին. Պրազիլ Դժուարութեամբ Յաղթեց Ճափոնին

2026-ի Մոնտիալը շարունակուեցաւ, ուր արձանագրուեցաւ մինչեւ օրս ամէնէն մեծ անակնալը, երբ աշխարհի 41-րդ դիրքին վրայ գտնուող Փարակուէյ փենալթիներով դուրս ձգեց 4 անգամ աշխարհի ախոյեան Գերմանիան: Ճիշդ է, որ Գերմանիա 75 տոկոս կը տիրապետէր ամբողջ 120 վայրկեաններ եւ 6 լուրջ առիթներ ստեղծած էր Փարակուէյի 3 առիթներուն դէմ, բայց ֆութպոլի մէջ տիրապետելու մրցանակ չկայ, եւ առիթները կոլի պէտք է վերածել, այլապէս անիմաստ...

Բռնցքամարտ.  Սամուէլ Գասոյեան Անգամ Մը Եւս Յաղթեց Նաք-Աութով

Բռնցքամարտ. Սամուէլ Գասոյեան Անգամ Մը Եւս Յաղթեց Նաք-Աութով

Ծանր կշիռի հայ անյաղթ բռնցքամարտիկ Սամուէլ Գասոյեան շարունակեց իր յաղթական երթը` արհեստավարժ ասպարէզին մէջ: 27 տարեկան Գասոյեան մասնակցեցաւ Գերմանիոյ Պոխում քաղաքին մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի երեկոյին, որուն ընթացքին նաք-աութով պարտութեան մատնեց գերմանացի Թորսթեն Ֆուքսը: Ասիկա Գասոյեանի իններորդ յաջորդական յաղթանակն էր այս արհեստավարժ ասպարէզին մէջ, ուր յատկանշական է, որ ինը մենամարտերուն ալ նաք-աութով կրցած է յաղթել իր մրցակիցներուն: Մրցակից Ֆուքս կրեց...

Ըմբշամարտ.  Գուրգէն Սիմոնեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Գուրգէն Սիմոնեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի ներկայացուցիչ Գուրգէն Սիմոնեան պրոնզէ մետալ նուաճեց Ուլան-Ուտէի (Սիպերիոյ արեւելք, Ռուսիա) միջազգային մրցաշարքին: Արդարեւ, «Պայքալ օփըն» 28-րդ միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականը, որ ներկայացած էր երկու անդամներով, կրցաւ 1 պրոնզ մետալով վերադառնալ, երբ 23 տարեկան Սիմոնեան մինչեւ 97 քկ կշիռի մրցումներուն հասաւ յաջողութեան: Սիմոնեան մինչեւ պրոնզ մետալ 3 յաղթանակներ տարած էր, ապա կիսաւարտականին պարտութիւն կրած Պիելոռուսիոյ ըմբիշէն,...

Ըմբշամարտ.  Հրայր Յովհաննիսեան Ռուսիոյ Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Հրայր Յովհաննիսեան Ռուսիոյ Ախոյեան

Ռուսիոյ 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան հայ ըմբիշ Հրայր Յովհաննիսեան, 67 քկ կշիռի մրցումներուն ախոյեան դարձաւ: Նովոսիպիրսքի մարզի ներկայացուցիչ Հրայր Յովհաննիսեան աւարտականին յաղթեց Մոսկուան ներկայացնող Ռուսլան Օրտանովին: Հրայր Յովհաննիսեանէն զատ մրցանակակիրներ դարձան նաեւ հայկական ծագում ունեցող քանի մը այլ ըմբիշներ: Մինչեւ 55 քկ կշիռի մրցումներուն պրոնզէ մետալ շահեցաւ Կրասնոտարի մարզի ներկայացուցիչ Արկադի Արիկեան: Մինչեւ 60 քկ կշիռի մրցումներուն Ռոստովի մարզի ներկայացուցիչ...

Թենիս.  Ուիմպըլտընի Մրցաշարքը Սկսաւ Սերենա Ուիլիամսի Վերադարձով

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարքը Սկսաւ Սերենա Ուիլիամսի Վերադարձով

Անցեալ քանի մը շաբաթներուն զոյգի մրցումներու մասնակցելէ ետք, Սերենա Ուիլիամս 44 տարեկանին վերադարձաւ թենիսի դաշտ եւ հրաւէր ստացաւ մասնակցելու Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքին: Անցեալ տարի իր մեծ քոյրը` Վինըս վերադարձած էր 45 տարեկանին, բայց վստահաբար նոյն մակարդակը չունէր: Սերենա, որ պատմութեան լաւագոյն թենիսվումըններէն կը նկատուի, 23 կրան շլեմի մրցաշարք շահած էր, ինչպէս նաեւ զոյգերու մրցումներու 14 կրան շլեմի տիտղոսներ իր քրոջ`...

Ճատրակ.  Վաչէ Յովակիմեան Միջազգային  Վարպետի 2-րդ Կարգին Հասաւ

Ճատրակ. Վաչէ Յովակիմեան Միջազգային Վարպետի 2-րդ Կարգին Հասաւ

ՖԻՏԷ-ի վարպետ Վաչէ Յովակիմեան Իտալիոյ Մոնթեսիլվանօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող մինչեւ 18 տարեկաններու պատանիներու ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն հասաւ միջազգային վարպետի երկրորդ կարգին: Ճատրակի «Նորմ»-ը (կարգ) կ՛ամբողջացնէ այն անձը, որ կը մասնակցի 9 հանգրուաններով մրցաշարքի մը, եւ պէտք է անձը մէկ կէտ աւելի արձանագրէ, քան սպասուածը, եւ մրցակիցներուն մակարդակը առնուազն մեծ վարպետի պարագային պէտք է 2380 կէտ ըլլայ եւ միջազգային...

Պասքեթպոլ.  Հայաստան – Իրլանտա` 74-59

Պասքեթպոլ. Հայաստան – Իրլանտա` 74-59

Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց հաւաքականը բարեկամական մրցում մը ունեցաւ Իրլանտայի հետ, «Լոս Անճելըս Ինթըրնեշընըլ պասքեթպոլ քլասիք» մրցաշարքին գծով: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ եւ վերջ գտաւ 74-59 արդիւնքով` ի նպաստ Հայաստանի: Հայաստան մրցումին սկիզբէն աւելի լաւ էր եւ առաջին մասին 23-20 արդիւնքով յառաջացաւ: Բ. մասին գրեթէ հաւասար էր արդիւնքը (16-15), եւ Հայաստան պահեց իր առաւելութիւնը: Վճռական էր 4-րդ մասը, որուն...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Կարէն Ղազարեան Յաղթեց

«Էմ. Էմ. Էյ.» Կարէն Ղազարեան Յաղթեց

Հայ մարզիկ Կարէն Ղազարեան տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրեց Պանքոքի մէջ տեղի ունեցած «Ուան Էֆ. Սի.» մրցաշարքին: «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարզիկ Ղազարեան նաք աութի ենթարկեց նախապէս անյաղթ ճափոնցի Հիսաշի Էզաքին: Մենամարտը առաջին ռաունտին իսկ վերջ գտաւ, մանաւանդ երբ մրցակիցը չկրցաւ Բ. ռաունտին վերադառնալ ռինկ: Ղազարեանի համար շատ կարեւոր էր այս յաղթանակը, ուր ան կը կատարէր իր երկրորդ ելոյթը` «Ուան Էֆ. Սի.»-ի ամէնէն...

Սուքիասեան Փոխեց  Իր Մարզական Քաղաքացիութիւնը

Սուքիասեան Փոխեց Իր Մարզական Քաղաքացիութիւնը

18 տարեկան կեդրոնի յետսապահ Վանիկ Սուքիասեան փոխեց իր մարզական քաղաքացիութիւնը, որպէսզի աւելի ուշ հանդէս գայ Հայաստանի ազգային խումբերէն: Սուքիասեան ունի Ռուսիոյ եւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Այս տարեշրջանին Սուքիասեան շատ լաւ ելոյթ ունեցած է Ռուսիոյ Բ. դասակարգի Խիմքիի Քոզմոս խումբին հետ: 186 սմ հասակ ունեցող Սուքիասեան ոչ միայն պաշտպանողական իր հմտութիւններով հռչակ ունեցաւ, այլ նաեւ արդիւնաւէտութեամբ: Տարեշրջանի առաջին մասին ան 12 մրցումներու...

Սպերցեան Պիտի Միանայ Ահլիին

Սպերցեան Պիտի Միանայ Ահլիին

Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ եւ Կրասնոտարի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան պիտի միանայ Սէուտական Արաբիոյ Ահլիին: Անցեալ շաբաթավերջին Կրասնոտարի, Սպերցեանի եւ Ահլիի ներկայացուցիչները հանդիպած էին իրար եւ աւարտած փոխանցման պայմանները: Փոխանցումը պիտի արժէ 25 միլիոն տոլար, եւ Տուպայի մէջ բժշկական քննութիւնները կատարելէ ետք շատ հաւանաբար Սպերցեան այսօր ստորագրէ պայմանագրութիւնը: Իտալիոյ Քոմօ ակումբը հետաքրքրուած էր հայ միջնապահը ձեռք ձգելու հարցով, բայց լուրջ մօտեցում չէր...

2026-ի Մոնտիալ.  Քանատա Հասաւ Գ. Հանգրուան

2026-ի Մոնտիալ. Քանատա Հասաւ Գ. Հանգրուան

2026-ի Մոնտիալը արդէն իսկ հասաւ նաք-աութի իր հանգրուաններուն, եւ 32 խումբերը պիտի փորձեն իրենց լաւագոյնը տալ` յաղթելու համար: Այլեւս հաշիւներ չկան, մարզիկները հանգիստ չեն կրնար խաղալ, եւ կեդրոնացումը պիտի ըլլայ միայն յաղթանակի վրայ: Անշուշտ շատ բնական է, որ կան խումբեր, որոնք պիտի ստիպուին պաշտպանողականի վստահիլ աւելի զօրաւոր խումբերու դէմ, այն յոյսով, որ փենալթիի հասնի մրցումը, անշուշտ հաւասարութեան պարագային, բայց վստահաբար...

Հերի Քէյնը` Անգլիոյ  Պատմական Ռմբարկուն

Հերի Քէյնը` Անգլիոյ Պատմական Ռմբարկուն

2026-ի Մոնտիալի առաջին հանգրուանի վերջին մրցումին, Հերի Քէյն Անգլիոյ ազգային խումբին հետ Մոնտիալի պատմութեան իր 11-րդ կոլը նշանակեց: Փանամայի դէմ (2-0) նշանակելէ ետք մրցումին երկրորդ կոլը, Քէյն գերազանցեց Կերի Լինեքըրի նախկին մրցանիշը (10 կոլ)` դառնալով Մոնտիալի պատմութեան առաւելագոյն կոլ նշանակած անգլիացին: Յատկանշական էր, որ Փանամա ոչ մէկ կէտ ապահովեց ու ոչ մէկ կոլ նշանակեց այս Մոնտիալին եւ դուրս մնաց առաջին...

«Ֆորմիւլա 1».  Ճորճ Ռասըլ Շահեցաւ  Աւստրիոյ Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա 1». Ճորճ Ռասըլ Շահեցաւ Աւստրիոյ Կրան Փրին

«Մերսետես»-ի վարորդ Ճորճ Ռասըլ իր ասպարէզի 7-րդ կրան փրին շահեցաւ, երբ կիրակի օր չնչին առաւելութեամբ գրաւեց առաջին դիրքը` Աւստրիոյ կրան փրիին: Տարեշրջանի 8-րդ կրան փրին եղաւ ի նպաստ Ռասըլի, որ այս տարուան իր 2-րդ կրան փրին շահեցաւ Աւստրալիոյ կրան փրիէն ետք (բացման մրցումին): 5 յաջորդական կրան փրիներ շահելէ ետք, Քիմի Անթոնելլի իր «Մերսետես»-ով գրաւեց 3-րդ դիրքը` մօտ 2 երկվայրկեան ետ...

Page 30 of 1274 1 … 29 30 31 … 1,274

Արխիւներ