Մարզական

2026-ի Մոնտիալ. Պրազիլ Դուրս Մնաց. Անգլիա Դուրս Ձգեց Մեքսիքան

2026-ի Մոնտիալ. Պրազիլ Դուրս Մնաց. Անգլիա Դուրս Ձգեց Մեքսիքան

Մոնտիալի մրցումները հետզհետէ հետաքրքրական կը դառնան: Կիրակի գիշեր տեղի ունեցաւ սպասուած մրցումը` 5 անգամ աշխարհի ախոյեան Պրազիլի եւ Էրլինկ Հաալանտի Նորվեկիոյ միջեւ: Պրազիլ առաջին կիսախաղին բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ եւ առիթներ ստեղծեց, նոյնիսկ փենալթի մըն ալ կորսնցուց, երբ Նիւքեսըլի միջնապահ Պրունօ Կիմարայեշի փենալթին զսպեց Նորվեկիոյ բերդապահ Օրիան Նիլանտ: Պէտք է ըսել, որ վերջինս եղաւ Նորվեկիոյ հերոսներէն` զսպելով 4 ստոյգ առիթներ,...

Հեծելարշաւ.  Փոկաչար Մոնճուիքը Կը Նուիրէ Տելթորոյին

Հեծելարշաւ. Փոկաչար Մոնճուիքը Կը Նուիրէ Տելթորոյին

«Թուր տը Ֆրանս»-ի երկրորդ հանգրուանին, Էմիրէյթց խումբի մարզիկներ Թատէյ Փոկաչար եւ Իզաք Տել Թորօ իրարու հետ հասան Մոնճուիքի վերջին բլուրը` գրաւելով առաջին երկու դիրքերը Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած այս հանգրուանին: Երկրորդ հանգրուանը, որ սկսաւ Թարակոնայէն դէպի Մոնճուիք բլուրը, վերջ գտաւ Էմիրէյթց զոյգին տիրապետութեամբ, մանաւանդ վերջին քանի մը քիլոմեթրներուն: Մաթիա Սքիելմա վերջին 2 քիլոմեթրներուն փորձեց յարձակիլ, բայց մեքսիքացի երիտասարդ Տելթորօ իրմէ...

Թենիս.  Ճոքովիչ Ֆետերերի Ուիմպըլտընի Մրցանիշը Բարելաւեց

Թենիս. Ճոքովիչ Ֆետերերի Ուիմպըլտընի Մրցանիշը Բարելաւեց

Վեթերան սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ, որ 7 անգամ շահած է Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքը, կրցաւ իր 106-րդ յաղթանակը արձանագրել կրան շլեմի այս մրցաշարքին բարելաւելով Ռոժէ Ֆետերերի մրցանիշը (105 յաղթանակ) 7-6, 6-3, 3-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք ռուս Ռոման Սաֆիուլինին: Ճոքովիչ իր յաջորդական 9-րդ քառորդ աւարտականին հասաւ Ուիմպըլտընի մէջ (եւ իր ասպարէզի 17-րդը): Ուիմպըլտընի դաշտերուն վրայ միայն աղջկանց պատմական մարզիկ Մարթինա...

2026-ի Մոնտիալ. Մեսսի Կը Շարունակէ Փայլիլ,  Էմպափէ Կը Հետեւի Անոր.  Մարոք Հասաւ Քառորդ Աւարտական

2026-ի Մոնտիալ. Մեսսի Կը Շարունակէ Փայլիլ, Էմպափէ Կը Հետեւի Անոր. Մարոք Հասաւ Քառորդ Աւարտական

2026-ի Մոնտիալը կը մօտենայ իր կարեւոր հանգրուաններուն, ուր Մարոք յաջորդաբար երկրորդ Մոնտիալը ըլլալով հասաւ քառորդ աւարտական: 2022-ին կիսաւարտականին հասնելէ եւ 4-րդ դիրքը գրաւելէ ետք, Մարոք նոյն ճամբուն վրայ կը գտնուի, եւ շաբաթ օր Գ. հանգրուանին 3-0 արդիւնքով լայն յաղթանակ տարաւ հիւրընկալ երկիրներէն Քանատայի դէմ: Հակառակ արդիւնքին, Քանատա ինք էր, որ աւելի լաւ կը խաղար, մանաւանդ առաջին կիսախաղին, բայց վստահաբար փորձառութեան...

Ըմբշամարտ.  Գալուստ Թորոսեան Պիտի Չմասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան…

Ըմբշամարտ. Գալուստ Թորոսեան Պիտի Չմասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան…

Հայկական ծագում ունեցող ամերիկաբնակ ըմբիշ Գալուստ Կրեկորի Թորոսեան պաշտօնապէս հրաժարեցաւ իր մասնակցութիւնը բերելէ ըմբշամարտի պատանիներու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Պաքուի մէջ: Միացեալ Նահանգներու հաւաքականի անդամ եւ «Եու. Էս. Օփըն 2026»-ի տարիքային (17 տարեկանէն վար) ախոյեանը պէտք էր մասնակցէր այս ախոյեանութեան Միացեալ Նահանգներու հաւաքականին հետ, սակայն ան որոշեց չմասնակցիլ: Թորոսեան բացատրեց իր այս որոշումը ապահովական մտահոգութիւններով: Մամլոյ ասուլիսի...

Բռնցքամարտ.  Սարուխանեան Եղբայրներ Յաղթանակներ Տարին

Բռնցքամարտ. Սարուխանեան Եղբայրներ Յաղթանակներ Տարին

Հայ բռնցքամարտիկ Վահէ Սարուխանեան յաղթանակ արձանագրեց «Այ. Պի. Էյ. Նոմետ 15» մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ օր Ալմաթիի մէջ (Ղազախստան): Սարուխանեան մենամարտ մը ունեցաւ ղազախ մարզիկ Աբզալ Բերեկուլիի դէմ եւ յաղթեց իրաւարարներու միաձայն որոշումով: Մենամարտը տեղի ունեցաւ բռնցքամարտի կանոններով, բայց «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ձեռնոցներով: Վահէ Սարուխանեանի համար այս յաղթանակը դարձաւ հերթական յաջող ելոյթը իրեն համար նոր ձեւաչափով: Սարուխանեան մեծ փորձառութիւն...

Հեծելարշաւ.  Ֆրանսայի Շրջավազքը Սկսաւ Պարսելոնայէն

Հեծելարշաւ. Ֆրանսայի Շրջավազքը Սկսաւ Պարսելոնայէն

Հեծելարշաւի տարեշրջանի ամէնէն կարեւոր շրջավազքը` «Թուր տը Ֆրանս»-ը (Ֆրանսայի շրջավազք) սկսաւ շաբաթ օր, Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին: 113-րդ «Թուր տը Ֆրանս»-ի այս տարուան գլխաւոր թեկնածուներն են Սլովենիացի Թատէյ Փոկաչար եւ դանիացի Եոնաս Վինկըկոր: 4 անգամ ախոյեան Փոկաչար Զուիցերիոյ շրջավազքը շահեցաւ վերջերս, մինչ Վինկըկոր «Ժիրօ տ՛Իթալիան» շահեցաւ: Անշուշտ թեկնածուներու կարգին են նաեւ պելճիքացի Ռեմքօ Էվենեփուլ, գերմանացի Ֆլորիան Լիփովից, մեքսիքացի Իզաք Տել Թորօ...

Պասքեթպոլ.  Լիբանան Յաղթեց  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ` 82-88

Պասքեթպոլ. Լիբանան Յաղթեց Սէուտական Արաբիոյ Մէջ` 82-88

Հինգշաբթի գիշեր, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը, Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա), 88-82 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տեղւոյն Սէուտական Արաբիոյ ազգային խումբը եւ ամրապնդեց իր դիրքը դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ: Մոնտիալի զտումի Դ. խմբակին գծով նախավերջին մրցումին, Լիբանան նոյնիսկ առանց Ուաէլ Արաքժիի եւ Եուսեֆ Խայյաթի կրցաւ տիրապետել մրցակիցին վրայ, որ 2-րդ եւ 3-րդ մասերուն յառաջացաւ, բայց Լիբանան կրցաւ յաղթանակը կերտել վերջին մասին`...

2026-ի Մոնտիալ. Մրցանիշներու Օր` Ռոնալտօ Եւ Ունայ Սիմոն… Սպանիա, Փորթուգալ Եւ Զուիցերիա Հասան Գ. Հանգրուան

2026-ի Մոնտիալ. Մրցանիշներու Օր` Ռոնալտօ Եւ Ունայ Սիմոն… Սպանիա, Փորթուգալ Եւ Զուիցերիա Հասան Գ. Հանգրուան

Մրցանիշներու օր մըն էր հինգշաբթի գիշեր, երբ Սպանիա 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աւստրիան, Փորթուգալ 2-1 արդիւնքով դուրս ձգեց Խրուաթիան, մինչ երէկ առաւօտեան Զուիցերիա յաղթեց Ալճերիոյ, այսպիսով յաղթական երեք երկիրներու հաւաքականները հասան Գ. հանգրուան: Սպանիոյ մրցումին, սպանացի բերդապահ Ունայ Սիմոն մրցանիշ հաստատեց 519 յաջորդական վայրկեաններ իր բերդը անառիկ պահելով` բարելաւելով 36 տարուան մրցանիշ մը, որ հաստատած էր Իտալիոյ բերդապահ Վալթեր Զենկան...

Բրիտանիոյ Նոր Մրցանիշ. Էլիոթ Անտերսոն  Միացաւ Մանչեսթըր Սիթիին

Բրիտանիոյ Նոր Մրցանիշ. Էլիոթ Անտերսոն Միացաւ Մանչեսթըր Սիթիին

Մանչեսթըր Սիթի իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտնեց, որ ակումբը համաձայն է Նոթինկհամ Ֆորեսթի կեդրոնական միջնապահ Էլիոթ Անտերսոնի փոխանցման շուրջ: Կը հաղորդուի, որ 23 տարեկան միջնապահը արդէն յաջողութեամբ կատարած է իր բժշկական քննութիւնը: Փոխանցման հետ կապուած ամբողջ աշխատանքը վերջնականապէս կը կարգաւորուի, երբ Անգլիոյ ազգային խումբը կ՛աւարտէ Մոնտիալը եւ կը վերադառնայ Անգլիա: «Մանչեսթըր Սիթիի ամբողջ անձակազմը Էլիոթին եւ Անգլիոյ հաւաքականին յաջողութիւն կը...

59 Տարեկան Միուրա  Իր 42-րդ Տարեշրջանը Պիտի Կատարէ

59 Տարեկան Միուրա Իր 42-րդ Տարեշրջանը Պիտի Կատարէ

59 տարեկան ճափոնցի պատմական ֆութպոլիստ Քազույոշի Միուրա տարեշրջան մը եւս պիտի խաղայ իբրեւ արհեստավարժ ֆութպոլիստ: 42-րդ տարեշրջանին Ֆուքուշիմա Եունայթըտի խումբը, որ Ճափոնի Գ. դասակարգին մաս կը կազմէ, յայտարարեց, որ Միուրայի պայմանագրութիւնը տարեշրջան մը եւս երկարաձգած է: Միուրա Եոքոհամա խումբին մաս կը կազմէ, բայց վարձավճարով փոխ տրուած է Ֆուքուշիմա Եունայթըտին: «Ես որոշած եմ երկարաձգել իմ պայմանագրութիւնս: Ես ամէն ինչ պիտի ընեմ,...

Թոթենհամ Հսկայական  Գումարներ «Կը Ծախսէ»

Թոթենհամ Հսկայական Գումարներ «Կը Ծախսէ»

Լոնտոնի Թոթենհամ ակումբը, որ անցեալ եղանակին շատ դժուարութեամբ փրկուեցաւ Բ. դասակարգ իջնելէ, մէկ օրուան ընթացքին միջնապահ գիծը զօրացնելու համար «ծախսած է» աւելի քան 200 միլիոն եւրօ: Ըստ յայտնի լրագրող Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, Ուեսթ Համի փորթուգալցի միջնապահ Մաթէուս Ֆեռնանտեշի կողքին, Թոթենհամ ձեռք ձգած է նաեւ Նիւքեսըլի իտալացի միջնապահ Սանտրօ Թոնալին: Աւելի կանուխ Ֆեռնանտեշի համար Թոթենհամ համաձայնած էր 99 միլիոն եւրօ (85 միլիոն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ճէյլըն Պրաուն Միացաւ 76-Ըրզին

«Էն. Պի. Էյ.» Ճէյլըն Պրաուն Միացաւ 76-Ըրզին

Պոսթըն Սելթիքսի աստղերէն Ճէյլըն Պրաուն 10 տարի փայլելէ ետք Սելթիքսի հետ այժմ փոխանցուեցաւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ: 29 տարեկան Պրաուն, որ 2024-ի ախոյեան դարձած էր Սելթիքսի հետ, ընտրուած էր աւարտականի լաւագոյն մարզիկ («Էմ. Վի. Փի.») եւ 5 անգամ մասնակցած է «Օլ Սթարզ» մրցումին: Պրաունի փոխարէն Սելթիքս պիտի ստանայ 36 տարեկան Փոլ Ճորճը, որ իր կարգին փայլուն մարզիկներէն մէկն էր վերջին տարիներուն: Ճորճ...

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Ռան Տը Սիթի» Մրցումի  Պատրաստութիւնները Աւարտեցան

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ռան Տը Սիթի» Մրցումի Պատրաստութիւնները Աւարտեցան

Այս կիրակի տեղի պիտի ունենայ Պէյրութ Մարաթոն միութեան կազմակերպելիք «Ռան Տը Սիթի» մրցումը: Պէյրութի կեդրոնին մէջ տեղի ունենալիք 10 քմ երկարող այս մրցումի պատրաստութիւնները արդէն իսկ աւարտած են, եւ միութիւնը լրագրողներու եւ մասնակիցներու թիւերը եւ քարտերը պատրաստած է: «Նոք Նոք»-ի հովանաւորութեամբ այս մրցումը, որ աթլեթիզմի ֆետերասիոնի հովանիին տակ տեղի պիտի ունենայ այս կիրակի առաւօտեան, Նահատակաց հրապարակէն պիտի սկսի մինչեւ Մինաա...

Հեծելարշաւ.  Ժամացոյցի Դէմ Լիբանանի Ախոյեանութիւնը

Հեծելարշաւ. Ժամացոյցի Դէմ Լիբանանի Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կազմակերպեց ժամացոյցի դէմ Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումները Պէյրութի գետին մօտ գտնուող «Տեպպաս» ընկերութենէն մինչեւ Շեվրոլէ-Ալֆա խաչմերուկը եւ դէպի Քարանթինայի ճամբան երթուդարձով: Այս ախոյեանութեան մասնակցեցան 75 մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնեն ֆետերասիոնին մաս կազմող ակումբները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի բանակի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու մարզիկներ: Մրցումին երկարութիւնը 32,8 քմ էր «Էլիթ»-ներու պարագային, մինչ «մասթըրզ» եւ աղջկանց մրցումները 24,6 քիլոմեթրի վրայ երկարեցան:...

Ճատրակ.  ՖԻՏԷ-ի Դասաւորման Աղիւսակին Մէջ Հայաստան 7 Ներկայացուցիչ Ունի

Ճատրակ. ՖԻՏԷ-ի Դասաւորման Աղիւսակին Մէջ Հայաստան 7 Ներկայացուցիչ Ունի

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնի յուլիս ամսուան դասաւորման աղիւսակին մէջ Հայաստան ունի 7 վարպետներ: Տղոց կէտերու դասաւորման աղիւսակին մաս կը կազմեն Հայկ Մարտիրոսեան (65-րդ), Շանթ Սարգսեան (73-րդ), Արամ Յակոբեան (86-րդ) եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան (101-րդ): Աղջկանց կէտերու դասաւորման աղիւսակին մաս կը կազմեն Էլինա Դանիէլեան (60-րդ), Լիլիթ Մկրտչեան (78-րդ) եւ Մարիամ Մկրտչեան (84-րդ): Նշենք, որ տղոց դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ նորվեկիացի Մակնուս Քարլսեն,...

Մխիթարեան Երկարաձգեց  Իր Պայմանագրութիւնը Ինթերի Հետ

Մխիթարեան Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Ինթերի Հետ

Հենրիխ Մխիթարեան պիտի մնայ Միլանի Ինթեր ակումբին հետ տարեշրջան մը եւս: Իտալական ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ 37 տարեկան հայ միջնապահին հետ երկարաձգած է պայմանագրութիւնը մինչեւ 30 յունիս 2027: Ըստ նոր համաձայնութեան, Մխիթարեան 2 միլիոն եւրօ պիտի ստանայ: Այսպիսով «ներաձուրիներ»-ու ամէնէն փորձառու ֆութպոլիստներէն մէկը տարեշրջան մը եւս պիտի մնայ ակումբին մէջ` շարունակելով իր յաջող պատմութիւնը Միլանի մէջ: Մխիթարեան 2022-ին տեղափոխուած էր...

2026-ի Մոնտիալ. Հերի Քէյն Փրկեց Անգլիան.  Պելճիքայի «Ռեմոնթատա»-ն

2026-ի Մոնտիալ. Հերի Քէյն Փրկեց Անգլիան. Պելճիքայի «Ռեմոնթատա»-ն

Երեք խումբեր եւս միացան Մոնտիալի 1/16-րդ հանգրուանին, ուր Քոնկօ երկար ժամանակ Անգլիոյ դէմ 1-0 արդիւնքով տիրապետելէ ետք չկրցաւ կասեցնել Հերի Քէյնը, որ զոյգ կոլերով Անգլիոյ տոմսը ապահովեց դէպի Գ. հանգրուան: Պայերն Միւնիխի յառաջապահ Քէյն իր այս տուպլէով գերազանցեց ֆութպոլի պատմական «թագաւոր» Փելէի Մոնտիալի կոլերու ցուցանիշը` հասնելով 13-րդ կոլին: Փելէ 12 կոլ նշանակած էր Մոնտիալներու ընթացքին, մինչ ֆրանսացի Ժիւսթ Ֆոնթեն 13...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լենըրտ Միացաւ Ռեփթըրզին

«Էն. Պի. Էյ.» Լենըրտ Միացաւ Ռեփթըրզին

Քուայ Լենըրտ պիտի վերադառնայ Թորոնթօ Ռեփթըրզ, որուն հետ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան դարձած էր 2018-2019 եղանակին` ընտրուելով լաւագոյն մարզիկը («Էմ. Վի. Փի.»): Լոս Անճելըս Քլիփըրզ համաձայնեցաւ փոխանցել Լենըրտը` Թորոնթոյին` ստանալով Պրենտըն Ինկրամը, Կրէյտի Տիքը եւ ապագայի երկու մարզիկներ: 35 տարեկան Լենըրտ, որ 2 անգամ շահած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսը, առաջինը 2014-ին` Սան Անթոնիօ Սփըրզի հետ, կը նկատուի «Էն. Պի....

2026-ի Մոնտիալ. Էմպափէ Կը Շարունակէ Փայլիլ. Նորվեկիա Եւ Մեքսիքա` Յաղթական

2026-ի Մոնտիալ. Էմպափէ Կը Շարունակէ Փայլիլ. Նորվեկիա Եւ Մեքսիքա` Յաղթական

2026-ի Մոնտիալի լաւագոյն խումբերէն Ֆրանսա հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Շուէտի դէմ մրցումին եւ հասաւ Գ. հանգրուան, ուր պիտի մրցի Փարակուէյի դէմ: Մրցումին սկիզբէն զգալի էր Ֆրանսայի առաւելութիւնը, ուր անգամ մը եւս Պրատլի Պարքոլա նկատի առնուած էր Տեզիրէ Տուէի փոխարէն, մինչ Օլիսէ-Էմպափէ զոյգը շարունակեցին փայլիլ: Կիսախաղէն առաջ Էմպափէ անզսպելի հարուածով նշանակեց Ֆրանսայի առաջին կոլը, որ ուշացաւ հակառակ երկու անգամ Շուէտի բերդին...

Page 29 of 1274 1 … 28 29 30 … 1,274

Արխիւներ