2026-ի Մոնտիալը արդէն իսկ հասաւ նաք-աութի իր հանգրուաններուն, եւ 32 խումբերը պիտի փորձեն իրենց լաւագոյնը տալ` յաղթելու համար: Այլեւս հաշիւներ չկան, մարզիկները հանգիստ չեն կրնար խաղալ, եւ կեդրոնացումը պիտի ըլլայ միայն յաղթանակի վրայ:
Անշուշտ շատ բնական է, որ կան խումբեր, որոնք պիտի ստիպուին պաշտպանողականի վստահիլ աւելի զօրաւոր խումբերու դէմ, այն յոյսով, որ փենալթիի հասնի մրցումը, անշուշտ հաւասարութեան պարագային, բայց վստահաբար ատիկա միայն կրնայ ըլլալ փորձ մը կամ աւելի ճիշդը միակ յոյսը, որ կրնայ վճռել վերջնական յաղթականը:
Նաք աութի առաջին հանգրուանին (1/32-րդ հանգրուան), հիւրընկալ երկիրներէն Քանատան իր նախկին երեք մրցումները կատարելէ ետք Քանատայի մէջ, Քալիֆորնիոյ մէջ մրցեցաւ Հարաւային Ափրիկէի դէմ:
Երկու խումբերուն համար ալ այս մրցումը իւրայատուկ է, մանաւանդ որ անոնք ասկէ առաջ բնաւ հասած չէին այս հանգրուանին: Քանատա Պոսնիոյ հետ 1-1 արդիւնքով հաւասարելէ ետք 6-0 արդիւնքով ջախջախած էր Քաթարը եւ վերջին մրցումին (խմբակին մէջ) 2-1 արդիւնքով պարտուած Զուիցերիայէն: Հարաւային Ափրիկէ, բացման մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք հիւրընկալ այլ երկիրէ մը` Մեքսիքայէն, կրցած էր հաւասարութիւն խլել Չեխիայէն (1-1) եւ անակնկալի բերել Հարաւային Քորէան (1-0)` հասնելով Բ. հանգրուան:
Քանատա շատ աւելի լաւ էր Հարաւային Ափրիկէէն եւ շատ անգամներ վտանգեց ափրիկեան խումբի բերդը, որուն բերդապահն ու պաշտպանները բաւական «գործ» ունէին մրցումի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին:
Ի վերջոյ, միջնապահ Սթեֆըն Էօսթաքիօ 92-րդ վայրկեանին գնդակը կուրծքով կառավարելէ ետք զօրաւոր հարուածով մը գրաւեց Հարաւային Ափրիկէի բերդը: Բերդապահ Ռոնուեն Ուիլիամս, որ մօտ 5 առիթներ զսպած էր, չկրցաւ զսպել անհասանելի գնդակը:
Այսպիսով, Քանատա եղաւ առաջին խումբը, որ կը հասնի 1/16-րդ հանգրուան, ուր պիտի մրցի այսօր առաւօտեան տեղի ունենալիք Նետերլանտներ-Մարոք մրցումին յաղթականին դէմ:
Այսօր գիշեր ժամը 20:00-ին, Փղոսկրեայ Ափունք պիտի մրցի Նորվեկիոյ դէմ, իսկ կէս գիշերին (ժամը 12:00-ին) Ֆրանսա պիտի մրցի Շուէտի դէմ: Վաղը առաւօտեան ժամը 4:00-ին Մեքսիքա պիտի մրցի Էքուատորի դէմ:


