Մարզական

Նշմար.  Ապրի՛ք Աղջիկներ

Նշմար. Ապրի՛ք Աղջիկներ

ԿԱՐՕ Կ. Պատմական ճակատում մըն էր շաբաթ օր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Ռիատի աւարտականի 5-րդ մրցումը: Հազուադէպօրէն կը պատահի, երբ աղջկանց խումբ մը 16 կէտերով ետ մնալէ ետք ինքզինք կը պարտադրէ եւ արդիւնքը կը շրջէ: Նախապէս 2 մրցումներ հիւրընկալած «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ այդ բանը չէր պատահած, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս պարտուած էր: Շաբաթ օր տարբեր...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Դարձաւ  Լիբանանի Ախոյեան

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Դարձաւ Լիբանանի Ախոյեան

8 տարի ետք ՀՄԸՄ Անթիլիաս վերջապէս դարձաւ Լիբանանի ախոյեան` ուրախացնելով ՀՄԸՄ-ի բազմահազար համակիրները: Աղջկանց ախոյեան խումբը տարեշրջանի սկիզբէն նպատակ ունէր ախոյեանութիւնը ձեռք ձգելու: Այդ նպատակը իրականացաւ Ռիատիին դէմ 5 հետաքրքրական ճակատումներէ ետք, եւ վերջինին` շաբաթ օր 16 կէտով ետ մնալէ ետք: ՀՄԸՄ Անթիլիաս կրցաւ հերոսական մրցում կատարել: Ան հազարաւոր համակիրներու քաջալերանքով եւ յետ երկարաձգման շահեցաւ ախոյեանութիւնը` 89-84 արդիւնքով: *** Լիբանանի...

2026-ի Մոնտիալ. Մեսսիի Նոր Մրցանիշը. Իրան Դուրս Մնաց

2026-ի Մոնտիալ. Մեսսիի Նոր Մրցանիշը. Իրան Դուրս Մնաց

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերջ գտան 2026-ի Մոնտիալի առաջին հանգրուանի մրցումները, որոնց աւարտին յայտնի դարձան 32 խումբերուն անունները, որոնք պիտի շարունակեն Մոնտիալը, մինչ 16 խումբեր դուրս մնացին: Ամէնէն անբախտ ազգային խումբը հաւանաբար Իրանն էր, որ իր 3 մրցումները հաւասարութեամբ աւարտեց` երեք մրցումներուն ալ նշանակելով օֆ-սայտ նկատուած կոլեր, որոնք ամբողջովին կրնային փոխել պատկերը: Եգիպտոսի դէմ իր վերջին մրցումին, Իրանի յառաջապահը 93-րդ...

Նշմար.  Համը Կը Փախի՞

Նշմար. Համը Կը Փախի՞

ԿԱՐՕ Կ. Պատանի օրերէս կը հետեւիմ Մոնտիալի մրցումներուն, եւ ամէն 4 տարին անգամ մը անհամբեր կը սպասեմ յաջորդ մրցաշարքը: Հաճելի բան մըն էր դիտել ազգային խումբերը, բարեկամներու հետ գրաւները, քաջալերել օտար ազգային խումբեր, անշուշտ մեր ազգային խումբին բացակայութեան պատճառով, բայց միշտ արդար ձեւով դատել, թէ ո՛վ արժանի էր յաղթանակին կամ ո՛ր խումբը անբախտ էր: Հազուադէպ էին այն պարագաները, երբ արժանի...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս 19 Կէտերու Տարբերութեամբ  Յաղթեց Ռիատիի Դաշտին Վրայ

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 19 Կէտերու Տարբերութեամբ Յաղթեց Ռիատիի Դաշտին Վրայ

Երէկ յետմիջօրէին Մանարայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները հերոսական ելոյթ մը ունեցան եւ Ռիատիին յաղթեցին 95-76 արդիւնքով` պարտադրելով 5-րդ ճակատագրական մրցում մը: Մրցումին սկիզբէն ՀՄԸՄ Անթիլիաս լաւ ձեւով ճնշեց եւ առիթ չտուաւ Ռիատիի օտարներուն, ինչպէս նաեւ Ռեպեքա Աքըլին, որ ազատ շարժին: Փերլա Պու Նասր անգամ մը եւս քիչ մասնակցեցաւ մրցումին, ուր ՀՄԸՄ Անթիլիաս մանաւանդ Ալեքսիս Փրինսի միջոցով բարձր մակարդակի ելոյթ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պարգեւատրեց  Խմբապետ Ալիք Թապաքեանը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Պարգեւատրեց Խմբապետ Ալիք Թապաքեանը

Երեքշաբթի գիշեր, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, աղջկանց պասքեթպոլի աւարտական 3-րդ ճակատումի մրցումէն առաջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պարգեւատրեց 26 տարեշրջաններ ՀՄԸՄ-ի շապիկը կրած Ալիք Թապաքեանը: Ալիք Թապաքեան, որ 2000 թուականէն կը կրէր ՀՄԸՄ Անթիլիասի շապիկը, օրինակելի մարզիկ մըն էր, որ իր կարգապահութեամբ, պայքարի բարձր ոգիով տարիներով եղած է տիպար ՀՄԸՄ-ական մը, որուն ասպարէզը պէտք է օրինակ...

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի Ազգային Խումբը Կը Պատրաստուի  Զտումի Վերջին Մրցումներուն

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ազգային Խումբը Կը Պատրաստուի Զտումի Վերջին Մրցումներուն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց խումբը աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն գծով տակաւին 3 հանդիպումներ ունի: Երկուշաբթի օր Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց խումբը «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Հնդկաստանը, ապա պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա, ուր 2 յուլիսին պիտի մրցի Սէուտական Արաբիոյ ազգային խումբին դէմ, Ժետտայի մէջ, եւ անոր յաջորդող կիրակին (5 յուլիսին) պիտի մրցի Հնդկաստանի դէմ, Ահմետապատի մէջ: Սակայն ազգային խումբը ամբողջական կազմով...

2026-ի Մոնտիալ. Պրազիլ Յաղթեց Սկովտիոյ (3-0.Մեքսիքա Առանց Կոլ Ստանալու Հաաաւ Յաջորդ Հանգրուան

2026-ի Մոնտիալ. Պրազիլ Յաղթեց Սկովտիոյ (3-0.Մեքսիքա Առանց Կոլ Ստանալու Հաաաւ Յաջորդ Հանգրուան

Չորեքշաբթի գիշեր սկսան 2026-ի Մոնտիալի խմբակներու վերջին մրցումները, որոնց լոյսին տակ պիտի վճռուին Բ. հանգրուան հասնող 32 խումբերուն անուններն ու վերջնական դիրքերը: Զուիցերիա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ երկիրներէն Քանատան եւ առաջին դիրքը գրաւեց Բ. խմբակին մէջ: Ռուպեն Վարկաս եւ Եոհան Մանզապի նշանակեցին Զուիցերիոյ կոլերը, մինչ Փրոմիս Տէյվիտ նշանակեց Քանատայի միակ կոլը: Պոսնիա 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քաթարը` շնորհիւ Քերիմ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Անթեթոքումփօ Պիտի Միանայ Մայեմիին

«Էն. Պի. Էյ.» Անթեթոքումփօ Պիտի Միանայ Մայեմիին

«էն. Պի. Էյ.»-ի տարեշրջանը աւարտելէ ետք, արդէն իսկ խումբեր սկսած են աշխատանքի: Ամրան ամէնէն մեծ անակնկալը պատահեցաւ, երբ յոյն բարձրահասակ մարզիկ Եաննիս Անթեթոքումփօ համաձայնեցաւ միանալ Մայեմի Հիթին` ախոյեանութիւն շահելու յոյսով: «Կրիք Ֆրիք» ծածկանունով Անթեթոքումփոյի փոխանցումը այնքան ալ դիւրին չէր, եւ Մայեմի, որպէսզի իր կազմին մէջ ունենայ Եաննիսը եւ Պոպի Փորթիսը, Միլուոքի Պաքսին փոխանցեց Թայլըր Հերրոն, Քալելէ Ուիրը, Խայմէ Խաքեսը, Քասփարաս...

Աթլեթ Զուլալ Պեզճեան Արձանագրեց  Փայլուն Յաջողութիւն Եւ Նոր Մրցանիշ

Աթլեթ Զուլալ Պեզճեան Արձանագրեց Փայլուն Յաջողութիւն Եւ Նոր Մրցանիշ

ՀՄԸՄ-ական երիտասարդ աթլեթ Զուլալ Պեզճեան փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց արաբական խաղերու երիտասարդական մրցաշարքին` հաստատելով նոր մրցանիշ մը եւ իր դասակարգին մէջ գրաւելով պատուաբեր 3-րդ դիրքը: Այս իրագործումը անգամ մը եւս կը փաստէ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն տոկունութիւնն ու բարձր որակը միջազգային գետնի վրայ: Եգիպտոսի Իսմայիլիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Արաբական 16 տարեկանէն վար (առաջին) եւ 23 տարեկանէն վար (3-րդ) առաջնութիւններու բացման հանդիսաւոր...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Այսօր Պէտք Է Յաղթէ Ռիատիի Դաշտին Վրայ

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Այսօր Պէտք Է Յաղթէ Ռիատիի Դաշտին Վրայ

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը իր վերջին առիթը ունի ախոյեանի իր յոյսերը պահելու, եթէ Ռիատիի դաշտին վրայ յաղթանակ արձանագրէ ճակատումներու 4-րդ մրցումին: Զարմանալի երեւոյթ մը տեղի կ՛ունենայ, ուր ամէն խումբ իր մրցակիցի դաշտին վրայ կը յաղթէր առաջին երեք ճակատումներուն: Առաջին մրցումը պարտուելէ ետք Մըզհերի մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս երեքշաբթի գիշեր ալ պարտութիւն կրեց 70-85 արդիւնքով, մրցումի մը, ուր...

2026-ի Մոնտիալ.  Ռոնալտօ Պատմութիւն Կերտեց

2026-ի Մոնտիալ. Ռոնալտօ Պատմութիւն Կերտեց

Երեքշաբթի գիշեր եւ երէկ առաւօտեան ժամերուն աւարտեցան Մոնտիալի 2-րդ հանգրուանի մրցումները, ուր Փորթուգալ համոզիչ յաղթանակ տարաւ Ուզպեքիստանի դէմ` 5-0 արդիւնքով: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պատմական մրցանիշ մը հաստատեց իր 6-րդ Մոնտիալին առնուազն կոլ մը նշանակելով, բան մը, որ որեւէ մարզիկ չէ կրցած կատարել: Ճիշդ է, որ Փորթուգալ  լուրջ մրցակիցի մը դէմ չէր խաղար, բայց պէտք է ըսել, որ խումբը վերջապէս խումբի նման...

Աթլեթիզմ.  Երուանդ Մկրտչեան Ոսկի Մետալ Շահեցաւ  Պալքանեան Երկիրներու Ախոյեանութեան

Աթլեթիզմ. Երուանդ Մկրտչեան Ոսկի Մետալ Շահեցաւ Պալքանեան Երկիրներու Ախոյեանութեան

Պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան, հայ աթլեթ Երուանդ Մկրտչեան ոսկի մետալ շահեցաւ Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին: 3000 մեթր վազքի մրցումներուն Մկրտչեան 7 վայրկեան 52".75 ժամանակով Հայաստանի մրցանիշ հաստատեց: Երեք քայլ ոստումի մրցումներուն Ռազմիկ Ղազարեան արծաթ մետալ շահեցաւ 16,20 մեթր արդիւնքով: Պալքանեան երկիրներու ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականին մաս կը կազմէն նաեւ Լեւոն Աղասեան (երեք քայլ ոստում), Վահէ Արզումանեան (մէկ քայլ ոստում),...

«Ողիմպիական 2026».  Ջաւախքի Աղջկանց Խումբը`  Վրաստանի Ախոյեան

Լուրեր Մոնտիալէն. Հայ Համակիր Մը Կը Ներկայանայ Արցախի Դրօշով

Արժանթինահայ Կակօ Անանեան 2026 Մոնտիալին Արժանթին - Աւստրիա մրցումին ներկայացաւ Արցախի դրօշով: Արցախի Հանրապետութեան դրօշակը 22 յունիսին կը ծածանէր Տալասի մարզադաշտի թրիպիւններուն վրայ, ուր Արժանթին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Աւստրիոյ եւ ապահովեց իր տոմսը` նաք աութի առաջին հանգրուանին: Մրցումէն ետք, Անանեան զրուցած է լրագրողներու հետ եւ բացատրած է դրօշին նշանակութիւնը: «Ա.24» կայանի եթերէն «Ակրուփասիոն Ռեփրեզենթաթիւա Տը Լոս Արմենիոս Միկրանթես էն Արմենիա»-ի...

«Ողիմպիական 2026».  Ջաւախքի Աղջկանց Խումբը`  Վրաստանի Ախոյեան

«Ողիմպիական 2026». Ջաւախքի Աղջկանց Խումբը` Վրաստանի Ախոյեան

Ջաւախք անգամ մը եւս փաստեց իր մարզական բարձր ներուժը: Արդարեւ, Նինոծմինդայի քաղաքապետարանի Օրոջալարի հանրային դպրոցի աղջկանց խումբը շահեցաւ Վրաստանի ողիմպիականի մարզական տիտղոսը, որ կը կոչուի Վրաստանի «Մարզական օլիմպիատա 2026»: Ասիկա ոչ միայն դպրոցի, այլեւ ամբողջ Ջաւախքի հասարակութեան միասնութեան եւ յաղթանակի արդիւնքն է: Նինոծմինդան վերստին հաստատեց, որ ունի տաղանդաւոր եւ նպատակասլաց զաւակներ: Այս մեծ յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունեցաւ ուսուցիչ Աշոտ...

Հայկական Ֆութպոլ.  «Սիւնիք» Պիտի Մասնակցի  Բարձրագոյն Դասակարգին

Հայկական Ֆութպոլ. «Սիւնիք» Պիտի Մասնակցի Բարձրագոյն Դասակարգին

«Սիւնիք Ֆ. Ա.» պաշտօնապէս հաստատեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին մաս պիտի կազմէ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին: Կապանի ակումբը բարձրագոյն դասակարգէն մասնակցելու իրաւունք ստացաւ Հայաստանի ախյոեանութեան ընդլայնումէն ետք, ուր որոշուեցաւ 12 խումբերու բարձրացնել բարձրագոյն դասակարգի խումբերու թիւը: Բ. դասակարգի ախոյեանութեան վերջնական դասաւորման 4-րդ դիրքը գրաւած Սիւնիք կարելիութիւն ստացաւ բարձրանալու, քանի աւելի բարձր դիրքեր գրաւող մնացեալ խումբերը չէին կրնար բարձրանալ բարձրագոյն դասակարգ: Ախոյեան Սարդարապատի...

Մարմնամարզութիւն.  Լիբանանի Դպրոցներու Մրցաշարքին Ճեմարանի Աշակերտներուն Փայլուն Արդիւնքները

Մարմնամարզութիւն. Լիբանանի Դպրոցներու Մրցաշարքին Ճեմարանի Աշակերտներուն Փայլուն Արդիւնքները

Վերջերս տեղի ունեցած Լիբանանի դպրոցներու գեղարուեստական մարմնամարզութեան մրցաշարքին մասնակցելԷ ետք, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն երեք աշակերտներ փայլուն արդիւնքներ արձանագրեցին: Տաթեւիկ Լօճիկեան, 2018-ի ծնունդ, Ա. դասակարգի մրցումներուն մասնակցեցաւ ազատ եւ պարանով մրցումներուն եւ շահեցաւ երկու ոսկի մետալ: Արին Սեփէթճեան, 2017-ի ծնունդ, Ա. դասակարգի մրցումներուն մասնակցեցաւ ազատ եւ գնդակով պարերու մրցումներուն եւ շահեցաւ երկու ոսկի մետալ: Սէրլի Տեքրմէնճեան, 2014-ի ծնունդ,...

Ֆութսալ.  Հայաստանի Մրցակիցները Հունգարիան Եւ Շուէտն Են

Ֆութսալ. Հայաստանի Մրցակիցները Հունգարիան Եւ Շուէտն Են

Քանի մը օր առաջ տեղի ունեցաւ 2028-ի ֆութսալի մոնտիալի զտումի մրցումներու վիճակաձգութիւնը: «Արմէնփրես»-ին այս գծով հաղորդած էին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութենէն: Հայաստանի հաւաքականը մաս պիտի կազմէ Ա. խմբակին, Հունգարիոյ եւ Շուէտի հաւաքականներուն կողքին: Զտումի մրցումներուն պիտի մասնակցին 36 խումբեր, որոնք բաժնուած են 12 խմբակներու: Մրցումները պիտի սկսին 2026-ի հոկտեմբերին եւ կ՛աւարտին 2027-ի մարտին:  

2026-ի Մոնտիալ. Մեսսի Մոնտիալի Պատմութիւն Կերտեց 2 Կոլ Նշանակելով. Ֆրանսա, Նորվեկիա Եւ Ալճերիա Յաղթեցին

2026-ի Մոնտիալ. Մեսսի Մոնտիալի Պատմութիւն Կերտեց 2 Կոլ Նշանակելով. Ֆրանսա, Նորվեկիա Եւ Ալճերիա Յաղթեցին

Լիոնել Մեսսի Միրոսլաւ Քլոզէի Մոնտիալի կոլերու մրցանիշը բարելաւեց նշանակելէ ետք Արժանթինի երկու կոլերը` Աւստրիոյ դէմ մրցումին: Անգամ մը եւս Լիոնել Մեսսի եղաւ Արժանթինի յաղթանակի կերտիչը: Հակառակ անոր որ ան 4-րդ վայրկեանին առիթ ունէր կոլ մը եւս նշանակելու, բայց անոր փենալթին վրիպեցաւ իր նպատակէն: Մինչեւ ջուրի դադարը (23-րդ վայրկեանին), Աւստրիա ինքզինք գտած էր եւ աւելի լաւ կ՛աշխատէր դաշտին կեդրոնը: Սակայն Արժանթինի...

Ֆեռնանտօ Կակօ Սրտի Տագնապ Ունեցաւ

Ֆեռնանտօ Կակօ Սրտի Տագնապ Ունեցաւ

Չիլիի «Ունիվերսիտատ Տէ Չիլի» ակումբի գլխաւոր մարզիչ արժանթինցի անուանի նախկին ֆութպոլիստ Ֆեռնանտօ Կակօ իր ակումբի վերջին մրցումի աւարտին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին սրտի տագնապ անցուցած է: «Ունիվերսիտատ Տէ Չիլի»-ի մարզիչը` 40 տարեկան Կակօ յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Օ՛Հիկինսի ակումբին դէմ (2-0) լրագրողներէն մէկուն հարցումին պատասխանելու պահուն ջուր խմած է, ցաւ զգացած, կծկուած եւ անմիջապէս լքած մամլոյ ասուլիսի սրահը: Պարզուած է, որ...

Page 31 of 1274 1 … 30 31 32 … 1,274

Արխիւներ