Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի ներկայացուցիչ Գուրգէն Սիմոնեան պրոնզէ մետալ նուաճեց Ուլան-Ուտէի (Սիպերիոյ արեւելք, Ռուսիա) միջազգային մրցաշարքին:
Արդարեւ, «Պայքալ օփըն» 28-րդ միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականը, որ ներկայացած էր երկու անդամներով, կրցաւ 1 պրոնզ մետալով վերադառնալ, երբ 23 տարեկան Սիմոնեան մինչեւ 97 քկ կշիռի մրցումներուն հասաւ յաջողութեան:
Սիմոնեան մինչեւ պրոնզ մետալ 3 յաղթանակներ տարած էր, ապա կիսաւարտականին պարտութիւն կրած Պիելոռուսիոյ ըմբիշէն, որ աւելի ուշ դարձաւ արծաթէ մետալակիր:
Արման Մուսիկեան մասնակցեցաւ մինչեւ 65 քկ կշիռի մրցումներուն, բայց քառորդ աւարտականին դուրս մնաց:
Մինչեւ 86 քկ կշիռի ոսկի մետալակիր դարձաւ հայազգի Արսէն Բալայեան, որ կը ներկայացնէր Ռուսիոյ Քալինինկրատ մարզը:


