Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ եւ Կրասնոտարի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան պիտի միանայ Սէուտական Արաբիոյ Ահլիին:
Անցեալ շաբաթավերջին Կրասնոտարի, Սպերցեանի եւ Ահլիի ներկայացուցիչները հանդիպած էին իրար եւ աւարտած փոխանցման պայմանները: Փոխանցումը պիտի արժէ 25 միլիոն տոլար, եւ Տուպայի մէջ բժշկական քննութիւնները կատարելէ ետք շատ հաւանաբար Սպերցեան այսօր ստորագրէ պայմանագրութիւնը:
Իտալիոյ Քոմօ ակումբը հետաքրքրուած էր հայ միջնապահը ձեռք ձգելու հարցով, բայց լուրջ մօտեցում չէր եղած, ինչպէս վերջին քանի մը տարիներուն Այաքս, Լիծ եւ Սաութհեմփթըն հետաքրքրուած էին առանց լուրջ մօտեցումի:
Սպերցեան Կրասնոտարի սան է եւ վերջին տարիներուն եղած է Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի լաւագոյն մարզիկը` 185 մրցումներու ընթացքին նշանակելով 58 կոլ եւ կատարելով 50 էսիսթ:
Սպերցեանի Ժետտայի ակումբին միացումով ան պիտի ըլլայ սէուտական «Փրօ լիկա»-ին մէջ հանդէս եկած երրորդ հայ ֆութպոլիստը Մարքոս Փիցելլիէն եւ Լուքաս Զելպայեանէն ետք:
Ան պիտի միանայ մեծ թիւով օտար փայլուն աստղերու, որոնք Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի գլխաւորութեամբ միացան «Փրօ լիկ»-ին 2023-ի յունուարէն սկսեալ:
Նշենք, որ Ահլիին մաս կը կազմեն Սենեկալի բերդապահ Էտուար Մենտի, ալճերիացի Ռիատ Մահրեզ եւ Փղոսկրեայ Ափունքի խմբապետ Ֆրանք Քեսիէ:


