Մարզական

Ճատրակ.  14 Տարեկան Հայ Վարպետը Յաղթեց Մակնուս Քարլսենի

Ճատրակ. 14 Տարեկան Հայ Վարպետը Յաղթեց Մակնուս Քարլսենի

Անցեալ երեքշաբթի տեղի ունեցաւ «Թայթըլտ Թիուզտէյ» ճատրակի առցանց մրցաշարքը: ՖԻՏԷ-ի 14 տարեկան վարպետ Տիգրան Համբարձումեան տպաւորիչ արդիւնք մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով աշխարհի ամէնէն բարձր դասուած ճատրակի վարպետ նորվեկիացի Մակնուս Քարլսենը: Աշխարհի 16-րդ ախոյեանութիւնը 2013-էն ի վեր կը մնայ առաջին դիրքին վրայ` պարտութեան մատնելէ ետք հնդիկ վարպետ Վիշվանաթան Անանտը: «Թայթըլտ Թիուզտէյ» առցանց մրցաշարքը կը կազմակերպէ ՖԻՏԷ-ն, մրցաշարքին կրնան մասնակցիլ միայն ՖԻՏԷ-ի...

Արժանթինի Բաժակի Մրցումներուն.  Ադորեան Նշանակեց Տարեշրջանի Առաջին Կոլը,  Պանֆիլտ Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Արժանթինի Բաժակի Մրցումներուն. Ադորեան Նշանակեց Տարեշրջանի Առաջին Կոլը, Պանֆիլտ Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Պանֆիլտի 24 տարեկան միջնապահ Թոմաս Ադորեան կոլի հեղինակ դարձաւ Արժանթինի բաժակի մրցաշարքի 1/8-րդ աւարտականին` Միտլենտի դէմ մրցումին: Ադորեան հանդիպումը սկսաւ հիմնական կազմէն եւ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին: Հանդիպումէն հիմնական ժամանակը վերջ գտաւ 2-2 արդիւնքով, իսկ փենալթիներով Պանֆիլտ 4-3 արդիւնքով յաղթեց: Թոմաս Ադորեան չհարուածեց փենալթի: Ադորեանի համար այս կոլը առաջինն էր այս տարեշրջանին: Աւելի կանուխ 24 տարեկան հայ միջնապահը երկու էսիսթ կատարած...

Մարզական Կարճ Լուրեր

Մարզական Կարճ Լուրեր

. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ֆութպոլի խումբը գրեթէ ամբողջացաւ մանաւանդ Սպանիոյ ազգային խումբի խմբապետ Ռոտրիի միացումով: Վերջինս եղաւ այս եղանակի Պարսելոնայի 4-րդ նոր մարզիկը: Ճեսէ Պիսիուէն, Քարիմ Ատէյեմիէն եւ Անթոնի Կորտընէն ետք Ռոտրին ալ պաշտօնապէս միացաւ, մինչ Ռոպերթ Լեվանտովսքի, Ֆեռան Թորես, Մարք-Անտրէ Թեր Շթեկեն, Անսու Ֆաթի, Ինիաքի Փենիա եւ Ռոնալտ Արաուխօ լքեցին ակումբը: Նշենք, որ Արաուխոյի եւ Թեր Շթեկենի լքելէն ետք, Պարսելոնայի գլխաւոր...

Սանտրօ Պերքովիչ Հեռացուեցաւ  Նոայի Մարզիչի Պաշտօնէն

Սանտրօ Պերքովիչ Հեռացուեցաւ Նոայի Մարզիչի Պաշտօնէն

Խրուաթ մասնագէտ Սանտրօ Պերքովիչ հեռացաւ Նոայի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն: Որոշումը տրուեցաւ, երբ հայկական խումբը դուրս մնաց «Քոնֆերենս լիկ»-ի զտումի մրցումներէն: Երրորդ հանգրուանի զտումի մրցումներուն, Նոա պարտուած էր Զուիցերիոյ Սիոն ակումբէն: Առաջին մրցումին 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, Սիոն Զուիցերիոյ մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Նոան: Խրուաթ մասնագէտի հեռանալուն մասին յայտնեցին նաեւ Խրուաթիոյ լրատուամիջոցները: Լրագրողները Նոյի ղեկավարութեան այս որոշումը անսպասելի...

Թենիս.  Վինըս Ուիլիամզ Հրաւէր Ստացաւ Մասնակցելու «Եու. Էս. Օփըն»-ին

Թենիս. Վինըս Ուիլիամզ Հրաւէր Ստացաւ Մասնակցելու «Եու. Էս. Օփըն»-ին

Նիւ Եորքի մէջ 30 օգոստոսին պիտի սկսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի բաց մրցաշարքը, որ կը նկատուի տարուան 4-րդ եւ վերջին կրան շլեմի մրցաշարքը: «Ֆլաշինկ Մետոզ»-ի մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքի նախօրեակին, մրցաշարքի կազմակերպիչ մարմինը «Ուալտ քարտ» (հրաւէր) բաժնեց 46 տարեկան Վինըս Ուիլիամզին, որ 2 անգամ շահած է «Եու. Էս. Օփընը, Սլոն Սթեֆընզին (33 տարեկան)` 2017-ի ախոյեան, ինչպէս նաեւ Քարոլ Եանկ...

Պէյրութի Շրջանի Ախոյեանութեան  Տիտղոսին Համար.  Այս Շաբաթ` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անդրանիկ

Պէյրութի Շրջանի Ախոյեանութեան Տիտղոսին Համար. Այս Շաբաթ` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անդրանիկ

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի 2026-ի տարուան Պէյրութի շրջանի աւարտականին, շաբաթ օր ժամ 16:00-ին Ահտի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Անդրանիկի դէմ: Զուտ հայկական աւարտականին (տերպիին) երկու խումբերն ալ պիտի տան իրենց լաւագոյնը` փաստելու համար, որ արժանի խումբը կը ներկայացնէ Պէյրութի շրջանը աւարտական հանգրուանին: Մօտ երկու շաբաթ առաջ նոյն դաշտին վրայ ՀՄԸՄ 2-0 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Անդրանիկին, բայց ատիկա...

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Վրաստան

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Վրաստան

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց խումբը, որ կը պատրաստուի 2027-ի Մոնտիալի զտումի Դ. հանգրուանի մրցումներուն, մեկնեցաւ Վրաստան, ուր բարեկամական մրցում մը կատարելէ ետք տեղւոյն ազգային խումբին դէմ, պիտի անցնի Թուրքիա` մրցելու Փորթուգալի ազգային խումբին դէմ` շաբաթ օր, իսկ կիրակի օր պիտի վերադառնայ Պէյրութ: Այս փորձ-մրցումները շատ կարեւոր պիտի ըլլան լաւապէս պատրաստուելու յառաջիկայ երկու զտումի մրցումներէն Քորէայի (27 օգոստոսին) եւ Չինաստանի (31 օգոստոսին)...

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան Յաղթեց

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Յաղթեց

Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի թիւ 1 Հայկ Մարտիրոսեան կը շարունակէ իր ելոյթները «Ռուպինշթայն Չես Ֆեսթիվըլ 2026» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքի երրորդ հանգրուանին, Հայկ Մարտիրոսեան սպիտակ քարերով կրցաւ յաղթել լեհ Եաքոպ Սիմանի: Մարտիրոսեան 1,5 կէտ ունի եւ առաջին դիրքէն ետ կը մնայ կէս կէտով միայն: Այս յայտնի միջազգային մրցաշարքին կը մասնակցին 10 ներկայացուցիչներ, անիկա կը բաղկանայ...

Ըմբշամարտ.  Տէր Մաթեւոսեան Եւ Մխիթարեան Պրոնզ Մետալներ Շահեցան

Ըմբշամարտ. Տէր Մաթեւոսեան Եւ Մխիթարեան Պրոնզ Մետալներ Շահեցան

Հայաստանի ներկայացուցիչներ Էրիք Տէր Մաթեւոսեան եւ Եուրիկ Մխիթարեան պրոնզէ մետալներ նուաճեցին Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ըմբշամարտի 20 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութեան: Մինչեւ 97 քկ կշիռի պրոնզէ մետալի մրցումին, Տէր Մաթեւոսեան կը մրցէր Վրաստանը ներկայացնող հայ ըմբիշ Արման Մկրտչեանի դէմ, որ նոյնպէս կը բնակի եւ կը մարզուի Հայաստանի դէմ: Գօտեմարտը բաւական սուր եղած է եւ Տէր Մաթեւոսեան յաղթական հռչակուած է...

Քեւին Լեմոր Հրաժարեցաւ

Քեւին Լեմոր Հրաժարեցաւ

ՖԻՖԱ-ի գլխաւոր գործողութիւններու վարչական տնօրէն Քեւին Լեմոր իր դիրքէն հրաժարեցաւ քանի մը շաբաթ առաջ յայտնելէ ետք, թէ նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յուսախաբ ըրած է իր խմբակիցները Մոնտիալի իրաւունքները ծախելու ծրագիրով: Լեմոր, որ Ցիւրիխի (Զուիցերիա) գրասենեակը կը պաշտօնավարէր, ձեւով մը «հրաւիրեց» Ինֆանթինոն, որ զինք վտարէ իր պաշտօնէն, յայտարարելէ ետք, թէ իր խմբակիցներուն հետ համաձայն է` դէմ կանգնելու Մոնտիալի իրաւունքները ծախելու ծրագրին: Լեմոր...

Տենիս Շրոտըր Միացաւ Չարլոթ Հոռնեթցին

Տենիս Շրոտըր Միացաւ Չարլոթ Հոռնեթցին

Չարլոթ Հոռնեթց ձեռք ձգեց վեթերան փոյնթ կարտ Տենիս Շրոտըրը Քլիվլենտ Քեվելիրզէն` անոր դիմաց փոխանցելով Թրէ Մաննը: Շրոտըր պիտի ըլլայ Քոպի Ուայթը փոխարինող մարզիկը: Չարլոթ այս ամրան Լամելօ Պոլը փոխանցած էր Մինեսոթա Թիմպըրվուլզվին` փոփոխութիւններ կատարելով իր մարզիկներուն գծով: Շրոտըրի 12-րդ «Էն. Պի. Էյ.»-ի խումբն է Չարլոթը: 32 տարեկան գերմանացին միջին հաշուով 13,7 կէտ եւ 4,9 էսիսթ կը կատարէ ամէն մրցումի: Մանն...

Էդուարդ Սպերցեանի 2-րդ Կոլը` Իր Երկրորդ Մրցումին

Էդուարդ Սպերցեանի 2-րդ Կոլը` Իր Երկրորդ Մրցումին

Սէուտական Արաբիոյ բաժակի մրցաշարքի իր առաջին մրցումին, Ահլի կը մրցէր Անուար խումբի դաշտին վրայ: Հայաստանի ազգային խումբի խմբապետ Էդուարդ Սպերցեան իր երկրորդ պաշտօնական մրցումին նշանակեց գեղեցիկ կոլ մը եւս, 61-րդ վայրկեանին, եւ 82-րդ վայրկեանին գեղեցիկ փոխանցում մըն ալ կատարեց պրազիլցի Կալենոյի, որ նշանակեց 2-րդ կոլը: 52-րդ վայրկեանին Անուար նշանակեց կոլ մը, բայց մրցումը վերջ գտաւ Ահլիի յաղթանակով եւ Հայաստանի խմբապետը...

Ըմբշամարտ.  Սամուէլ Տէրտէրեան Աշխարհի Ախոյեան` Յաղթելէ Ետք Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

Ըմբշամարտ. Սամուէլ Տէրտէրեան Աշխարհի Ախոյեան` Յաղթելէ Ետք Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

Սլովաքիոյ Պրաթիսլաւա քաղաքին մէջ ըմբշամարտի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) աշխարհի ախոյեանութեան յունահռոմէական ոճի մրցումներուն, 77 քկ կշիռի աւարտական մրցումին Սամուէլ Տէրտէրեան յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Ճավիտան Նահմաթովին, դառնալով աշխարհի ախոյեան: Կիսաւարտականին Սամուէլ Տէրտէրեան 6-0 արդիւնքով իր վրացի Կիորկի Կոկելաշվիլիին, մինչ Նահմաթով 7-1 արդիւնքով յաղթած էր Իրանի ներկայացուցիչ Ամիր Մահտի Մոհամետ Սայիտի Նավայի: 87 քկ կշիռի մրցումներուն, Եուրիկ Պետրոսեան 8-1 արդիւնքով...

Գեղամարզանք.  Էտկար Պապոյեան` Աշխարհի Ախոյեան

Գեղամարզանք. Էտկար Պապոյեան` Աշխարհի Ախոյեան

Հայաստանը ներկայացնող Էտկար Պապոյեան ոսկի մետալ շահեցաւ 2026-ի «Սթրիթ Ուըրքաութ եւ գեղամարզանք»-ի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ: 17 տարեկան մարզիկը յաղթեց միջին կշիռի ֆրիսթայլ մրցաձեւի աւարտականին` գերազանցելով Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլի ներկայացուցիչներուն: Հայաստանի համար ասիկա պատմական արդիւնք է: Պապոյեան դարձաւ երկրի առաջին ներկայացուցիչը, որ Ուըրքաութ մարզաձեւով դարձաւ աշխարհի ախոյեան: 2026-ի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցեցան աւելի քան 170 մարզիկներ`...

Ճատրակ.  Էմին Օհանեան` Եւրոպայի  Երիտասարդներու Պրոնզէ Մետալակիր

Ճատրակ. Էմին Օհանեան` Եւրոպայի Երիտասարդներու Պրոնզէ Մետալակիր

Ճատրակի վարպետ Էմին Օհանեան դարձաւ 2026-ի ճատրակի Եւրոպայի մինչեւ 20 տարեկաններու պրոնզէ մետալակիր: Էմին Օհանեան 9 կարելի կէտերէն 6,5 կէտ ձեռք ձգեց` նոյն կէտերը շահելով 3 այլ մասնակիցներու հետ: Ախոյեան դարձաւ Իսրայէլի ներկայացուցիչ Եահլի Սոքոլովսքի, որ 7 կէտ նուաճեց ռուս Միխէյ Նավումենքա Օհանեանի նման 6,5 կէտ ունենալով գրաւեց երկրորդ դիրքը փոքր առաւելութեամբ, ռումանացի Վլատիմիր - Ալեքսանտրու Չնեյեւ եւ ուքրանացի Արտեմ...

Ջութակահար Խաչատրեան Շահեցաւ Քարթինկի «Լիճընտծ Ռէյս»-ը

Ջութակահար Խաչատրեան Շահեցաւ Քարթինկի «Լիճընտծ Ռէյս»-ը

Հանրայայտ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեան, Գերմանիոյ Շաֆհայմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Լիճընտծ Ռէյս» 2026-ի մրցաշարքին գրաւեց առաջին դիրքը թէ՛ անհատական եւ թէ՛ խմբային մրցումին: Խաչատրեանի վաղեմի նախասիրութիւններէն մէկն էր քարթինկը, եւ իր հօր ազդեցութեամբ պատանի հասակէն ան ինքնաշարժներու մրցումներու կը հետեւէր: Ան շատ անգամ մասնակցած է նաեւ իր հօր հետ քարթինկի մրցումներուն, եւ իր խումբին անունն էր «Արմենիա»: Աւելի կանուխ «Օրեր»...

Փարիզ Սեն Ժերմեն  Լաւ Ձեւով Չսկսաւ Տարեշրջանը

Փարիզ Սեն Ժերմեն Լաւ Ձեւով Չսկսաւ Տարեշրջանը

Անցեալ երկու տարիներուն ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբը կարելի եղած գրեթէ բոլոր բաժակները կրցած էր շահիլ: Այս եղանակի իր առաջին պաշտօնական մրցումին շահելէ ետք Եւրոպայի գերբաժակը (Ասթոն Վիլային յաղթելով 2-1 արդիւնքով), ան չկրցաւ ձեռք ձգել Ֆրանսայի գերբաժակը եւ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Լանս խումբէն, որ կը պատկանի հայ գործարար Ժոզեֆ Ուղուրլեանին: Լանսի համար այս գերբաժակը առաջինն էր եւ բաւական տպաւորիչ էր,...

3 Թուրքեր Փորձեցին Մուտք Գործել Ռէալ Մատրիտի Հանդերձարանը

3 Թուրքեր Փորձեցին Մուտք Գործել Ռէալ Մատրիտի Հանդերձարանը

Կիրակի օր Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտ ակումբը հիւրն էր Գերմանիոյ պատմական ակումբներէն Շալքէի, որ 2020-էն ետք նիւթական նեղ պայմաններ դիմագրաւելէ յետոյ վերադարձաւ «Պունտեսլիկա»-ի առաջին դասակարգ: Բարեկամական մրցումին վերջ գտնելէն ետք գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ, ուր Ռէալ Մատրիտ 3-0 արդիւնքով յաղթած էր, խումբերը վերադարձան հանդերձարան: Մօտ 20 վայրկեան ետք, 3 անծանօթ թուրքեր փորձեցին մուտք գործել Ռէալ Մատրիտի հանդերձարանը` իբրեւ թէ Արտա Կիւլերի ազգականներն...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պիտի Մրցի Անդրանիկի Դէմ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պիտի Մրցի Անդրանիկի Դէմ

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի տղոց ֆութպոլի խումբը, Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան Դ. դասակարգի կիսաւարտականին փենալթիներով պարտութեան մատնելէ ետք Տինամօ Պէյրութը, հասաւ աւարտական, ուր պիտի մրցի Անդրանիկի դէմ: Անդրանիկ իր կարգին դուրս ձգեց Ա. խմբակի առաջին դիրքը գրաւող Շեպիպեթ Մազրաան եւ անգամ մը եւս պիտի մրցի ՀՄԸՄ-ի դէմ, Դ. դասակարգի աւարտականի տոմսի համար: ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը Անսարի դաշտին վրայ բաւական լաւ սկսան Տինամոյի...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Այվազեան Յաղթական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Այվազեան Յաղթական

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ «Էյ. Սի. Էյ. 206» մրցաշարքը, որուն գլխաւոր իրադարձութիւնն էր ծանր կշիռի ախոյեան Ալիխան Վախայեւի եւ Ամիր Ալիաքպարի միջեւ տիտղոսի մենամարտը: Վախայեւ առաջին ռաունտին շատ նեղ կացութեան մատնուեցաւ եւ քիչ մնաց պարտուէր, բայց ան շուտով ինքզինք գտաւ եւ առաջին ռաունտի աւարտէն առաջ նաք-աութով կրցաւ գետին բերել իր մրցակիցը` պահելով ախոյեանի իր տիտղոսը, արձանագրելէ ետք իր 16-րդ յաղթանակը...

Page 18 of 1274 1 … 17 18 19 … 1,274

Արխիւներ