Բարսեղեան Սքանչելի Ելոյթ Ունեցաւ
Հայաստանի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան այս տարեշրջանի իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Սլովաքիոյ ախոյեան Սլովան Պրաթիսլաւայի հետ` դաշտ ներկայանալով 61-րդ վայրկեանին: Բարսեղեան, որ յունիսէն ի վեր չէր մասնակցեր խումբի ելոյթներուն, քանի մը օր առաջ դաշտ ներկայացած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի գծով մրցումի մը շուէտական Միալպի խումբին դէմ: Սլովաքիոյ ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռուզոմպերոք խումբին դէմ, Բարսեղեան փոխարինեց Ալասանա Եիրաժանկը,...




















