Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարզական Կարճ Լուրեր

August 21, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ֆութպոլի խումբը գրեթէ ամբողջացաւ մանաւանդ Սպանիոյ ազգային խումբի խմբապետ Ռոտրիի միացումով: Վերջինս եղաւ այս եղանակի Պարսելոնայի 4-րդ նոր մարզիկը: Ճեսէ Պիսիուէն, Քարիմ Ատէյեմիէն եւ Անթոնի Կորտընէն ետք Ռոտրին ալ պաշտօնապէս միացաւ, մինչ Ռոպերթ Լեվանտովսքի, Ֆեռան Թորես, Մարք-Անտրէ Թեր Շթեկեն, Անսու Ֆաթի, Ինիաքի Փենիա եւ Ռոնալտ Արաուխօ լքեցին ակումբը:

Նշենք, որ Արաուխոյի եւ Թեր Շթեկենի լքելէն ետք, Պարսելոնայի գլխաւոր խմբապետ նշանակուեցաւ պրազիլցի Ռաֆինիա, որ եղաւ առաջին պրազիլցի խմբապետը Պարսելոնա ակումբին: Փոխխմբապետներ նշանակուեցան Ֆրենքի Տէ Եոնկ, Փետրի, Կաւի եւ Էրիք Կարսիա:

. ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ Պայերն Միւնիխ ակումբը, որ այս տարեշրջանին համար ձեռք ձգեց Գերմանիոյ ազգային խումբի ձախ կողմի յետսապահ-միջնապահ Նաթանիէլ Պրաունը, մարոքցի յառաջապահ Իսմայէլ Սայպարին եւ երիտասարդներ Նոել Ասեքոն ու Պարա Սափոքօ Էնտիայէն, պաշտօնական յայտարարութիւն կատարեց Ժամալ Մուսիալայի առողջական վիճակին համար:

Մուսիալա, որ Պայերնի վերջին երկու բարեկամական մրցումներուն ընթացքին ուշքը կորսնցնելով կ՛իյնար գետին, ըստ երեւոյթին ջղային դրութեան հարցեր ունի մանրէի մը պատճառով: Ան լուսնոտութեան նման ժամանակաւոր պարագայ մը ունի եւ ժամանակի պէտք ունի լաւապէս ապաքինելու:

. ԱՆԳԼԻՈՅ վերջին տարիներու ուժեղագոյն խումբերէն Մանչեսթըր Սիթի մեծ փոփոխութիւններու մէջ կը գտնուի:

Սպանացի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլայի լքելէն ետք, մեծ թիւով մարզիկներ իրենց կարգին խումբը լքեցին կամ լքելու մասին կը մտածեն: Ռոտրիէն ետք, Թիյանի Ռէյնտերս մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա` միանալու Քատիսիէ խումբին, եւ այժմ խօսքեր կան, որ Նիքօ Կոնսալես շատ հաւանաբար մեկնի Նիւքեսըլ:

Նոր մարզիչ Էնցօ Մարեսքա, որ կը պատրաստուի Պորնմաութի դէմ այս շաբթուան մրցումին, «կորսուած» վիճակ ունի եւ միջնապահ գիծը զօրացնելու մասին կը մտածէ` ձեռք ձգելով Չելսիի արժանթինցի Էնզօ Ֆեռնանտեսը: Չելսի 120 միլիոն սթերլինկ փաունտէն աւելի կ՛ուզէ, մինչ Սիթի անպայման կ՛ուզէ Ֆեռնանտեսը, միեւնոյն ժամանակ ան հետաքրքրուած է նաեւ Չելսիի մարզիկներ Փետրօ Նեթոյով եւ Մալօ Կուսթոյով:

Թոթենհամ կ՛ուզէ անպայման ձեռք ձգել Սիթիի Սավինիոն եւ մինչեւ իսկ եգիպտացի Օմար Մարմուշը:

. ՍՊԱՆԻՈՅ Ռէալ Մատրիտ ակումբը այս շաբթուան սկիզբը պաշտօնապէս ներկայացուց իր խումբը` նոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորութեամբ:

31 տարեկան Պեռնարտօ Սիլվա իր կարգին ներկայ էր ներկայացումին եւ հպարտօրէն ըսաւ, թէ Ռէալ Մատրիտէն խաղալը «բոլորին համար չէ»:

«Ակումբի մը հետ խաղալ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի 15 տիտղոս ունին, դիւրին բան չէ: Ամէն մարդ չի կրնար Ռէալ Մատրիտէն խաղալ: Ես շատ հպարտ կը զգամ եւ ամէն ինչ պիտի տամ այս ակումբին», ըսաւ Սելվա, որ Մանչեսթըր Սիթիէն ժամանած էր:

Նոր միացողներու կարգին են Մարք Քուքուրելիա, Իպրահիմա Քոնաթէ, Տենզել Տումֆրիզ, Քարլոս Էսփի եւ Եան Տիոմանտէ:

Նախորդը

Սանտրօ Պերքովիչ Հեռացուեցաւ Նոայի Մարզիչի Պաշտօնէն

Յաջորդը

Արժանթինի Բաժակի Մրցումներուն. Ադորեան Նշանակեց Տարեշրջանի Առաջին Կոլը, Պանֆիլտ Հասաւ Քառորդ Աւարտական

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Ռիատի 3-րդ Տարին Ըլլալով  Շահեցաւ Ուասլի Բաժակը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Ռիատի 3-րդ Տարին Ըլլալով Շահեցաւ Ուասլի Բաժակը

October 6, 2026
«Սփարք Լիկ».  ՀՄԸՄ-ի Աղջիկները` Ախոյեան
Մարզական

«Սփարք Լիկ». ՀՄԸՄ-ի Աղջիկները` Ախոյեան

October 6, 2026
Ճատրակ.  Հայաստան Հիւրընկալեց Դպրոցականներու  Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստան Հիւրընկալեց Դպրոցականներու Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.