Ճատրակի վարպետ Էմին Օհանեան դարձաւ 2026-ի ճատրակի Եւրոպայի մինչեւ 20 տարեկաններու պրոնզէ մետալակիր:
Էմին Օհանեան 9 կարելի կէտերէն 6,5 կէտ ձեռք ձգեց` նոյն կէտերը շահելով 3 այլ մասնակիցներու հետ:
Ախոյեան դարձաւ Իսրայէլի ներկայացուցիչ Եահլի Սոքոլովսքի, որ 7 կէտ նուաճեց ռուս Միխէյ Նավումենքա Օհանեանի նման 6,5 կէտ ունենալով գրաւեց երկրորդ դիրքը փոքր առաւելութեամբ, ռումանացի Վլատիմիր – Ալեքսանտրու Չնեյեւ եւ ուքրանացի Արտեմ Տիաչուք գրաւեցին 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը:
Ալեքս Սահակեան, Վահէ Սուքիաեան եւ Ռուտոլֆ Փաշիկեան յաջորդաբար գրաւեցին 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դիրքերը:
68 մասնակիցներուն կարգին էին նաեւ Հայաստանը ներկայացնող Ռոպերթ Փիլիպոսեան (13-րդ):
Մանուէլ Առաքելեան (14-րդ), Արսէն Դաւթեան (19-րդ), Էտկար Անդրէասեան (37-րդ) եւ Ալեքսանտր Աւանէսեան (52-րդ):


