Խրուաթ մասնագէտ Սանտրօ Պերքովիչ հեռացաւ Նոայի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն:
Որոշումը տրուեցաւ, երբ հայկական խումբը դուրս մնաց «Քոնֆերենս լիկ»-ի զտումի մրցումներէն:
Երրորդ հանգրուանի զտումի մրցումներուն, Նոա պարտուած էր Զուիցերիոյ Սիոն ակումբէն: Առաջին մրցումին 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, Սիոն Զուիցերիոյ մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Նոան:
Խրուաթ մասնագէտի հեռանալուն մասին յայտնեցին նաեւ Խրուաթիոյ լրատուամիջոցները: Լրագրողները Նոյի ղեկավարութեան այս որոշումը անսպասելի նկատեցին` նկատի ունենալով, որ Պիրքովիչի արդիւնքները բաւական լաւ էին, մանաւանդ վերջին 26 հանդիպումներուն խումբը միայն 1 պարտութիւն կրած էր եւ այս տարեշրջանին ախոյեանութեան իր երեք մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած էր:
Խրուաթիոյ լրատուամիջոցները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են նաեւ նախորդ տարեշրջանի «Քոնֆերենս լիկ»-ի մրցաշարքի անոր աշխատանքին` զայն պատմական անուանելով:
Յատկանշական է, որ Նոայի գլխաւոր մարզիչի իր վերջին հանդիպումը 1-0 արդիւնքով յաղթանակ էր Ալաշկերտի դէմ, որ իր կարգին «Քոնֆերենս լիկ»-էն դուրս մնացած էր:
Միւս կողմէ, Նոայի զարգացման տնօրէն Աննա ՕՀանեան դատ բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի դէմ, որ ըստ օրինի պէտք էր գործադրէր ֆետերասիոնի 27 յունիսի որոշումը: Այդ օրը ֆետերասիոնը որոշած էր օտար մարզիկներու նոր սահմանափակում, ուր խումբերուն առիթ տրուած էր միայն 15 օտար մարզիկներ ունենալ իրենց հիմնական եւ պահեստի խումբերուն մէջ:
Աննա Օհանեան մեծ թիւով օրէնքի խախտումներ նկատած է` այդ օրուան կանոնագիրի փոփոխութեան ընդունումը պարտադրելու իմաստով:


