Կիրակի օր Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտ ակումբը հիւրն էր Գերմանիոյ պատմական ակումբներէն Շալքէի, որ 2020-էն ետք նիւթական նեղ պայմաններ դիմագրաւելէ յետոյ վերադարձաւ «Պունտեսլիկա»-ի առաջին դասակարգ:
Բարեկամական մրցումին վերջ գտնելէն ետք գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ, ուր Ռէալ Մատրիտ 3-0 արդիւնքով յաղթած էր, խումբերը վերադարձան հանդերձարան:
Մօտ 20 վայրկեան ետք, 3 անծանօթ թուրքեր փորձեցին մուտք գործել Ռէալ Մատրիտի հանդերձարանը` իբրեւ թէ Արտա Կիւլերի ազգականներն էին: Հանդերձարանի մուտքին կը գտնուէր ապահովութիւնը պահպանող կին մը, որ զարմացած անոնցմէ պահանջեց արտօնագիրներ, որոնց շնորհիւ միայն անոնք կրնային այդ տեղը գտնուիլ:
Երեք անձերը վէճի մը սկսան, բայց պահակը փորձելէ ետք նկարել զանոնք, անոնք հարուած մը տուին անոր ձեռքին, բայց վրայ հասան երկու այլ օգնական պահակներ, որոնք դուրս ղրկեցին երեք թուրքերը, որոնք իրենց լեզուով հայհոյելով հեռացան:


