Անցեալ երկու տարիներուն ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ակումբը կարելի եղած գրեթէ բոլոր բաժակները կրցած էր շահիլ:
Այս եղանակի իր առաջին պաշտօնական մրցումին շահելէ ետք Եւրոպայի գերբաժակը (Ասթոն Վիլային յաղթելով 2-1 արդիւնքով), ան չկրցաւ ձեռք ձգել Ֆրանսայի գերբաժակը եւ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Լանս խումբէն, որ կը պատկանի հայ գործարար Ժոզեֆ Ուղուրլեանին:
Լանսի համար այս գերբաժակը առաջինն էր եւ բաւական տպաւորիչ էր, մանաւանդ որ 39-րդ վայրկեանէն սկսեալ Լանս 10 մարզիկներով ստիպուեցաւ շարունակել մրցումը, երբ Քիլիան Անթոնիօ (18 տարեկան) կարծր ֆաուլէ մը ետք վտարուեցաւ դաշտէն: Այս քարտէն առաջ, 32-րդ վայրկեանին, Ֆլորիան Թովէն նշանակեց Լանսի կոլը: Փարիզ Սեն Ժերմեն անգամ մը գնդակը դպցուց Լանսի բերդի սիւնին, մինչ 76-րդ վայրկեանին Ֆապիան Ռուիսի կոլը չվաւերացուեցաւ օֆ-սայտի պատճառով:
87-րդ վայրկեանին Նունօ Մենտեշ շատ կարծր ֆաուլէ մը ետք իր կարգին վտարուեցաւ:
Այս ձեւով Լանսի համար այս բաժակը շահելու երկրորդ առիթը օգտագործուեցաւ, 1998-ի գերբաժակին մրցումին Լանս Փարիզ Սեն Ժերմենէն պարտուած էր նոյն արդիւնքով:
Լանսի յաջողութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի նաեւ հայկական ֆութպոլին համար: Ֆրանսական ակումբի սեփականատէր Ժոզեֆ Ուղուրլեան նաեւ հայկական Սարդարապատ ակումբի համասեփականատէրն է: Երկու ակումբներուն միջեւ կը զարգանայ աշխուժ համագործակցութիւն, որ լրացուցիչ կարելիութիւն կը ստեղծէ փորձի փոխանակման եւ երիտասարդ ֆութպոլիստներու զարգացման համար:


