Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Պիլտ»-ը, Պայէրն Միւնիխ կը պատրաստուի նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկելու Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Թոմաս Միւլըրին:
Այս քայլը կատարելով` Գերմանիոյ ախոյեանը վերջ պիտի դնէ Մանչեսթըր Եունայթըտի տարած աշխատանքին, որով ամէն գնով կ՛ուզէ ձեռք ձգել 25 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը:
Միւլըրի այժմու պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2019-ին: Սակայն միւնիխցիները կ՛ուզեն այդ պայմանագրութիւնը երկարաձգել` զգալիօրէն բարձրացնելով միջնապահին աշխատավարձը: