
Երէկ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կազմակերպիչ ակումբը տուաւ բոլոր մանրամասնութիւնները եւ կատարեց լուսաբանութիւններ` Լիբանանի 38-րդ միջազգային ռելիին գծով, որ տեղի պիտի ունենայ 3-6 սեպտեմբերին:
Նշենք, որ այս ռելիին, որուն ընդհանուր երկարութիւնն է 815 քմ, կը մասնակցին 37 ինքնաշարժներ:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, կը կարծուի, որ այս տարի եւս տիտղոսին համար պայքարը ըլլայ բաւական սուր` լիբանանցի եւ արաբական երկիրներէ եկած վարորդներուն միջեւ: