
31 օգոստոսէն 8 սեպտեմբեր Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ:
8 սեպտեմբերին հայրենի կազմը մրցում մը ունի կատարելիք Ռումանոյ դէմ. սոյն մրցումը կ՛իյնայ Եուրօ-2017-ի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Շիրակ Գիւմրիի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ ակումբի միջնապահ Գոռ Մալաքեան եւս հրաւիրուած է երիտասարդական հաւաքական եւ պիտի մասնակցի այդ մրցումին:
Այլ յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով` Բանանց յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն հրաւէր ստացած է, ըստ որուն, հաւաքին պիտի մասնակցին Բանանցի հետեւեալ 7 ֆութպոլիստները.
Գրիգոր Մակարեան, Արամ Շահնազարեան, Արմէն Մանուչարեան, Աղաւարդ Պետրոսեան, Կարէն Յարութիւնեան, Նայիրի Մինասեան եւ Պետրոս Աւետիսեան:


