«Ֆորմիւլա-1»-ի նախկին վարորդ Ճասթին Ուիլսըն վերջերս մահացաւ, երբ արկածի մը ենթարկուելով ծանր վնասուածք ստացաւ գլուխէն:
Անտրեթէի կազմին հետ հանդէս եկող Ուիլսըն արկածէն ետք տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց, ուր սակայն մահացաւ, հակառակ անոր որ բժիշկները փորձեցին անոր կեանքը փրկել:
«Եու. Էս. Էյ. Թուտէյ» եզրափակեց նշելով, որ Ճասթին իր մահէն ետք օգտակար դարձաւ մարդկութեան` նկատի ունենալով, որ անոր օրկանները տրամադրուեցան 6 անձերու: