Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունենալիք ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան համար, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան հրապարակեց մասնակցողներուն կազմը:
Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին կայքը կը հաղորդէ, որ Ջուլֆալակեանի խումբին մէջ ընդգրկուած է նաեւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալին տիրացած Էտկար Խաչատրեան:
Թէեւ Խաչատրեան կը կշռէ 108 քկ, բայց ան հանդէս պիտի գայ 130 քկ դասակարգի մրցումներուն:
Խաչատրեանէն բացի, խումբին մէջ ընդգրկուած են հետեւեալ ըմբիշները.
Ռոման Ամոյեան (59 քկ), Միհրան Յարութիւնեան (66 քկ), Վարշամ Բորանեան (71 քկ), Արսէն Ջուլֆալակեան (75 քկ), Էդուարդ Սարգսեան (80 քկ), Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ) եւ Արթուր Ալեքսանեան (98 քկ):