Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Մէջ «Առողջ Միտք, Առողջ Մարմին» Նիւթով Դասախօսութիւն

May 14, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կազմակերպած դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 17 ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ` իբրեւ նիւթ ունենալով  «Առողջ միտք, առողջ մարմին»:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբի անդամ Լիւսի Բէնէնեան իր բացման խօսքին մէջ յիշեց, որ մարդը մտքով եւ մարմնով «միասնութիւն» մը կը կազմէ, որովհետեւ առողջ միտքը բանալին է մարմնի ընդհանուր առողջութեան: Ան շեշտեց, որ ասոնք կ՛ազդեն մեր մտածողութեան, զգացումներուն եւ գործունէութեան, դիտել տալով, որ երբ մարմինը առողջ է եւ զօրաւոր, ան դարձեալ կ՛օգնէ մեր մտածողութեան, մեր վերաբերմունքին, կեանքի պատճառած ճնշումներուն դիմաց, ուրիշին հետ մեր յարաբերութիւններուն եւ ճիշդ ընտրութիւններուն մէջ: «Առողջ կեանք ունենալու համար անհրաժեշտ է հաւասարակշռել ե՛ւ առողջ միտքը ե՛ւ առողջ մարմինը», նշեց Լիւսի Բէնէնեան:

Օրուան դասախօսն էր «Life coach» Յասմիկ Դանիէլը, որ լուսարձակի տակ առաւ չորս կարեւոր կէտեր` առողջ միտք ունենալու համար:

Առաջինը, ինչ որ մեզի հետ կը պատահի եւ մենք ուժը չունինք փոխելու, պէտք է ընդունինք այդ պատահարներուն  հետեւանքները, սակայն մեր մտածողութիւնը եւ մօտեցումը այդ անցեալի դէպքերուն նկատմամբ մեր որոշումն է: Կարեւոր է, որ մենք մօտենանք այդ դէպքերուն հետեւանքներուն տարբեր ձեւերով եւ անընդհատ չայպանենք մենք մեզ:

Երկրորդը` մեր կեանքի պատահարները բոլորը մեր որոշումով եւ ընտրանքով կը կայանան: Մենք մտքի ազատութիւն ունինք որոշումներ տալու: Պէտք է ընդունինք, որ մենք զոհը չենք պայմաններու եւ չմնանք բանտարկեալը անցեալին:

Երրորդը` ուրիշին կարծիքը կրնայ քանդել մեր անհատականութիւնը: Իւրաքանչիւր անձ պէտք է իր կեանքի արժէքները ունենայ, ինչպէս` ինքնավստահութիւն, առողջ յարաբերութիւն ուրիշներուն հետ, չարտօնէ, որ ուրիշին կարծիքը ազդէ իր որոշումներուն վրայ, որպէսզի ունենայ ներքին խաղաղութիւն:

Չորրորդը` իւրաքանչիւր անձ պէտք է սահման մը նշանակէ իր յարաբերութիւններուն մէջ եւ չարտօնէ ուրիշին անտեսելու այդ սահմանը: Այդ սահմանը կը պարունակէ կեանքի արժէքները, որոնք կ՛ազդեն մեր որոշումներուն վրայ:

Յասմիկ Դանիէլ եզրափակեց` ըսելով, որ առողջ միտք ունենալու համար պէտք է գիտնանք ինչպէս  մտածել եւ հարցերուն մօտենալ: Կարեւոր է ըլլանք իրապաշտ` միշտ հիւրընկալելով լաւատեսութիւնը մեր կեանքին մէջ:

Նախորդը

Էջերն Անմահութեան. Վիգէն Զաքարեան

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտական Խորհուրդներու Միջմասնաճիւղային Սեմինար

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.