Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիս 6-ի Նահատակաց Տօնի Ոգեկոչումի Նահատակաց Հրապարակին Վրայ

May 9, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, երկուշաբթի, 6 մայիս 2024-ին տեղի ունեցաւ Մայիս 6-ի նահատակաց տօնի ոգեկոչում, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին մէջ, ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, կոմիտէներու եւ լիբանանեան կուսակցութիւններու երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու:

Ոգեկոչման հաւաքը սկիզբ առաւ Լիբանանի քայլերգով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ Արազ Էլէյճեան, որ ըսաւ, թէ նահատակը այն անձն է, որ իր երդումին հաւատալով,  երբ ազգը կանչեց, լսեց, ընտրեց նահատակութիւնը, որպէսզի մենք գոյատեւենք»: Ան շեշտեց, որ թշնամիին անունը կրնայ տարբերիլ տեղի ու ժամանակի համաձայն, սակայն նոյնինքն օսմանցին է, որ ջարդեց մեր նախահայրերը, նոյնինքն ազրպէյճանցին է, որ բռնագրաւեց Արցախը եւ տեղահանեց ժողովուրդը, նոյնինքն Իսրայէլն է, որ ամէն օր նոր անուններու շարք մը կ՛աւելցնէ նահատակներու ցանկին վրայ:

Էլէյճեան հաստատեց, որ իբրեւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւն, խստօրէն կը դատապարտենք մեր հայրենիքի` Հայաստանին եւ Լիբանանի դէմ կատարուած բոլոր ոճիրները եւ  մեր նահատակներուն կ՛երդնունք ու կը խոստանանք շարունակել պայքարը եւ հետեւիլ անոնց ուղիին, մինչեւ արդարութեան  հաստատումը եւ բռնագրաւուած հողերու ազատագրումը:

Ապա, օրուան բանախօս Ռոնի Ալֆա իր պատգամին մէջ ըսաւ, որ նահատակը ազգ կամ կրօն չունի, բոլոր նահատակներն ալ պէտք է սրբադասենք: Ան նաեւ դատապարտեց հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրները եւ շեշտեց ոճրագործին կողմէ ոճիրին ճանաչման ու արդար հատուցումի կարեւորութիւնը:

Ալֆա ըսաւ. «Մի՛ մոռնաք նահատակները եւ մի՛ տարբերէք զանոնք իրարմէ, որովհետեւ բոլորն ալ նահատակուած են արդար դատի ու նպատակի համար, իւրաքանչիւրը նահատակուած է ոսոխ թշնամիի մը ձեռամբ: Հաւատարիմ մնացէ՛ք անոնց, միացէ՛ք եւ մէկ նպատակի համար պայքարեցէ՛ք»:

Բանախօսը իր խօսքին աւարտին յիշատակեց բոլոր ազգերու նահատակները եւ ըսաւ, թէ պէտք է հաստատ ու կայուն մնանք, ինչպէս որ Պաղեստինի մէջ մանուկները կը դիմադրեն, ինչպէս որ Արցախի մէջ եկեղեցիները կը դիմադրեն,  ինչպէս որ հարաւային Լիբանանի ժողովուրդը կը դիմադրէ` շեշտելով, որ երիտասարդներն են, որոնք կը ներկայացնեն խիզախ Լիբանանը, եւ անոնց  վստահուած է ապագան:

Այնուհետեւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն խումբ մը պատանիներ կենդանի պատկերով մը  իրենց մասնակցութիւնը բերին ոգեկոչման: Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Լիբանան Սնանկացած Երկիր Չէ»

Յաջորդը

Ժողովրդային Հաւաք` «Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներու» Կարգախօսով

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.