Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու վարժողական ծրագիրին ծիրին մէջ, ուրբաթ, 17 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի անձնակազմի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան հանդիպում մը ունեցաւ ապագայ լրագրողներուն հետ:
Հանդիպումին նպատակն էր ծանօթանալ թարգմանական աշխատանքին:
Ն. Գալեմքէրեան ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց թարգմանութեան աշխատանքի գործընթացը` բացատրելով ճշգրիտ թարգմանութիւն կատարելու ձեւերը: Ան թելադրեց նախքան թարգմանութեան սկսիլը կատարել նախապատրաստական աշխատանք մը. լաւ հասկնալ բնագիրը, ընթերցել նիւթին մասին այլ աղբիւրներէ եւ պրպտել բոլոր անծանօթ եզրերն ու միտքերը, որպէսզի կարելի ըլլայ անսխալ թարգմանութիւն մը կատարել` հեռու մնալով բառացի թարգմանութենէ:
Ն. Գալեմքէրեան անդրադարձաւ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ գրաւիչ, պատշաճ եւ հետաքրքրական էջեր պատրաստելու թեքնիքներուն ու ձեւերուն:
Զեկուցումէն ետք ապագայ լրագրողները թարգմանական աշխատանք մը կատարեցին, ապա ընթերցեցին իրենց թարգմանութիւնը եւ մնացեալ մասնակիցներուն հետ քննարկում կատարեցին:


