Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի, ԶՈՄ-ի եւ Լիբանանահայ պատանեկան միութիւններուն, հինգշաբթի, 9 մայիս 2024-ին տեղի ունեցաւ «Յանուն հայրենիքի» ինքնաշարժերով զօրակցական երթ` լիբանանահայ պատանիներուն, երիտասարդներուն ու ուսանողներուն նեցուկը արտայայտելով Տաւուշի յանձնումին դէմ կատարուող շարժումին, որ Երեւան հասաւ նոյն թուականին:
Ինքնաշարժերով երթը սկիզբ առաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն, կանգ առաւ Անթիլիասի մայրավանք, ուր Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան երիտասարդներուն փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ողջոյնն ու օրհնութիւնը, քաջալերական խօսքեր արտասանեց երիտասարդական զօրակցութեան այս երթի մասին` շեշտելով եկեղեցւոյ ու հաւատքի կարեւորութիւնը փրկելու մեր հայրենիքը:
Տէրունական աղօթքէն ետք, երթը շարունակուեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերով ու պահանջատիրական կարգախօսներով, հերթաբար դէպի Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբ, Ֆանարի «Է. Ակնունի» ժողովրդային տուն, Ռաուտայի «Շուշի» ակումբ, Պուրճ Համուտի «Նիկոլ Դուման», «Ս. Թեհլիրեան», «Մ. Ազիրեան» եւ «Արագած» ակումբներ ու վերջապէս «Սարդարապատ» ժողովրդային տուն, ուր երթին միացան ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբն ու երէց պատանիները, միասնաբար ինքնաշարժերուն հետ ուղղուելով դէպի «Շաղզոյեան» կեդրոն:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի, ԶՈՄ-ի եւ ԼՊՄ-ի միացեալ խօսքը արտասանեց Բագրատ Գրիգորեան: Ան ըսաւ, որ կազմակերպուած զօրակցական երթին նպատակն էր յստակօրէն արտայայտել իրենց անկոտրում զօրակցութիւնը այն շարժումին, որ սկիզբ առաւ «Տաւուշը` յանուն հայրենիքի» կարգախօսով, նպատակ ունենալով պահպանել մեր հայրենիքի հողային ամբողջականութիւնը, մեր հայրենակիցներուն անվտանգութիւնը, մեր պատիւը եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին գոյատեւումը:
Գրիգորեան աւելցուց. «Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները դժբախտաբար ոչ միայն հասարակական եւ արտաքին իմաստով ձախողած են, այլ նաեւ իրենց ընթացքով սպառնալիք դարձած են մեր պետականութեան պահպանման: Եւ մենք` դաշնակցական պատանիներս, երիտասարդներս եւ ուսանողներս, իբրեւ պայքարող հասարակութեան ներկան ու ապագան, մեր ձայնը կը բարձրացնենք յայտարարելով, որ մենք կողմ ենք միմիայն մեր ազգային շահերէն բխող եւ մեր իրաւունքները պահպանող սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին: Միմիայն կողմ կրնանք ըլլալ ազրպէյճանաթրքական դաշինքի զօրքերու հայրենիքէն դուրս բերման:
Միմիայն կողմ կրնանք ըլլալ հայրենիքի ապահովութիւնը պահպանող եւ ամրապնդող գործընթացներու:
«Ասկէ անդին, ոչ մէկ ժամանակ ու ոչ մէկ պայմանի մէջ կը հրաժարինք մեր տեսլականէն` Արցախէն, Տաւուշէն, Սիւնիքէն, Մուշէն ու Վանէն», շեշտեց ան` հաստատելով, որ սփիւռքը, լիբանանահայութիւնը, լիբանանահայ պատանիները, երիտասարդներն ու ուսանողները Բագրատ սրբազանին առաջնորդած շարժման կողքին են:
Եզրափակելով իր խօսքը` Բագրատ Գրիգորեան ըսաւ. «Կեցցէ՛ Մայիս 28-ի յաղթանակներով կերտուած մեր պետականութիւնը, որ անպայման պիտի վերականգնի: Կեցցէ՛ ինքնիշխան Հայաստանը, որ շուտով պիտի վերադառնայ իր արմատներուն: Կեցցէ՛ ամբողջական հայրենիքին հաւատացող ժողովուրդը, որուն ծոցէն ծնած են հազարաւոր հերոսներ ու նահատակներ: Չե՛նք յանձնուիր: Չե՛նք հրաժարիր: Պիտի շարունակենք սրբազան պայքարը»:
«Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւ համախմբուած պատանիներուն, երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն իր խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ սկսած «Տաւուշը` յանուն հայրենիքի» շարժումը համայն հայութեան կամքը կը ներկայացնէ, այս շարժումն ու Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կայացող ընդվզումի մեծաթիւ մասնակիցներով ցոյցերը կը նպատակադրեն դադրեցնել միակողմանի զիջումները` հոգիէ զիջումէն մինչեւ հողային, Հայաստանը պահելով հայուն, Արարատը պահելով հայուն եւ պայքարելով վերադարձնել Արցախը հայ ժողովուրդին:
Բագրատունի շեշտեց. «Հայաստանը ծախու չէ՛, Հայաստանը վարձու չէ՛, Հայաստանը հայո՛ւն հայրենիքն է: Պայքարը պիտի շարունակուի սփիւռքի մէջ ամէնուր, պիտի յաղթէ ճշմարտութիւնը, պիտի յաղթէ արդարութիւնը, պիտի յաղթէ հայութիւնը, այնքան ատեն որ ձեզի նման երիտասարդներ, ուսանողներ եւ պատանիներ կան»: Իր խօսքը աւարտելով ան հաստատեց. «Պիտի չյանձնենք, իրաւունք չունինք յանձնելու, պիտի չզիջինք, իրաւունք չունինք զիջելու»:
Ապա խօսք առաւ Լիբանան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան, որ ողջունեց երիտասարդները եւ ըսաւ. «Հայաստանէն ժամանեցի հոս ձեզի հետ ըլլալու եւ հաստատելու, որ մենք մէ՛կ ազգ ենք եւ ունինք միայն մէկ պետութիւն` Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Ես կը տեսնեմ ձեր վճռական պայքարը եւ աջակցութիւնը, զոր կը ցուցաբերէք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կողմէ տարուող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» պայքարին: Այսօր այդ շարժումը հասաւ Երեւան եւ 100.000-էն աւելի քաղաքացիներ ներկայացուցին իրենց պահանջները` յաւելեալ զիջումներ չկատարելու այնքան ատեն որ սահմանազատման գործընթացը արդար չէ եւ միջազգային օրէնքներուն չի համապատասխաներ»:
Իր խօսքը շարունակելով` Մինասեան դիտել տուաւ. «Այս սահմանազատումը պէտք է հայուն պատիւը վերականգնէ, ու երբեք պէտք չէ զայն նուաստացնէ: Այս սահմանազատումը կարելի է իրագործել եթէ կը համապատասխանէ Հայաստանի սահմանադրութեան: Ժողովուրդը կ՛որոշէ եթէ տարածք ունի յանձնելու կամ ոչ: Այսօր մայրաքաղաք Երեւանի մէջ այս պահանջը տրուեցաւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն, որոնցմէ պահանջուած է հեռանալ»:
«Լիբանանահայութիւնը, ինչպէս միշտ եղած է, պիտի մնայ հայ ժողովուրդին ամէնէն պայքարունակ տեսակը: Փա՛ռք ձեզի, սիրելի՛ պատանիներ, երիտասարդներ եւ ուսանողներ: Դուք բոլորդ հայրենիք վերադառնալու ամբողջական իրաւունքը ունիք եւ պիտի ունենաք, որովհետեւ ատիկա մեր բոլորին սրբազան պարտքն է: Դուք պէտք է ծաղկեցնէք Հայաստանը եւ ապրիք Հայաստանի մէջ, որովհետեւ Հայաստանը համայն հայութեան պետութիւնն է: Մենք միասնաբար կ՛ազատագրենք Արցախը, կը վերականգնենք մեր ամբողջականութիւնը եւ ի վերջոյ կ՛ունենանք ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան», եզրափակեց Արծուիկ Մինասեան:
Հաւաքը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:








