Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Մայիս 17, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 12 մայիս 2024-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ Շուշիի նահատակ Վիգէն Զաքարեանի հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա անոր յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ` ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի անդամ Վիգէն Յարութիւնեանը, որ ըսաւ, թէ 8 մայիս 1992-ը թուական մըն է, որ հպարտութեամբ կը լեցնէ մեր բոլորին սրտերը:  Օր մը, որ կու գայ մեզի յիշեցնելու մեր պատմութեան մէկ պայծառ էջը, երբ հայ ժողովուրդը թօթափեց նահանջի ու տեղատուութեան ամէն տրամադրութիւն եւ հիմնուեցաւ իր մարտունակութեան, գաղափարական ուժին ու ազգային գաղափարախօսութեան իր հաւատքին վրայ, յաջողեցաւ յաղթել պատերազմի դաշտին մէջ` հայրենի հողը ոռոգելով ազատատենչ մարտիկներու արեամբ:

Ան աւելցուց. «Վիգէն Զաքարեան այն ընկերներէն էր, որոնք ներշնչուած անցեալի մեր նահատակներու զոհաբերութեան ոգիով` կառչած մնացին իրենց համոզումին եւ ուզեցին իրենց ձեռքերով, իրենց կեանքերով քանդակել սահմանները հայրենի հողին»:

Յարութիւնեան ըսաւ. «Սիրելի՛ ընկեր Վիգէն, ինչպէս դուն հաստատեցիր, Լիզպոնի ընկերներուն նահատակութիւնը անարձագանգ չմնաց քեզի պէս անձնուրաց ընկերներու զոհողութեամբ ու նահատակութեամբ, որովհետեւ դուն եւ քու ընկերներդ նոյնպէս մերժեցիք ըլլալ հանդիսատեսներ:  Ընտրեցիք պայքարը շարունակելու ու ընդարձակելու ուղին:  Մենք` ԼԵՄ-ականներս, կ՛երդնունք ձեր արեան ու յիշատակին վրայ` պայքարը շարունակել»:

Բացման խօսքին յաջորդեց ՀՅԴ «Զաւարեան» պատանեկան միութենէն Մարիանա Պեքարեանի ասմունքը` Գէորգ Էմինի «Չյագեցած վրէժ»-ը, որմէ ետք «Դրօշակ» մասնաճիւղի անդամները արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը` շեշտելով, որ Վիգէն Զաքարեան Արցախի գոյապայքարը կը խորհրդանշէ: Անոնք շեշտեցին, որ Վիգէնն ու իր զինակիցները յարգեցին դարերու ուխտը, կտակը, Տէր Զօրէն ճողոպրած նահատակներու տենչը եւ պայքարեցան «Մահ կամ ազատութիւն» լոզունգով, ունենալով միայն մէկ տեսլական` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը:

Օրուան բանախօսն էր Յակոբ Հաւաթեան, որ իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, թէ Վիգէն Զաքարեանի ապրած կեանքին ընդմէջէն կարելի է անվարան հաստատել, որ Վիգէնը ԼԵՄ-ականի տիպար ու անբասիր օրինակ էր: Մարտական իր յախուռն կեցուածքին ու կերտուածքին կողքին, կարգապահ միութենական էր, ԼԵՄ-ի ընկերային ու քարոզչական աշխատանքներուն մէջ ջանասիրութեամբ լծուած էր աշխատանքի եւ իր խանդավառութեամբ գործին յատուկ համ ու եռանդ կու տար ու կը համակէր բոլորը իր ապրած խանդավառութեամբ: Ան աւելցուց, որ Վիգէն նոյն յանձնառու մօտեցումով ՀՄԸՄ-ական մարզիկ էր, ինչպէս նաեւ մշակութային մեր հարուստ ժառանգութեան հանդէպ ունէր մեծ սէր ու հաւատք եւ Համազգայինի ու յատկապէս պարախումբի ճամբով իր այդ սէրը կը դրսեւորէր:

Բանախօսը հաստատեց, որ այսօր նահատակ Վիգէն դարձած է դաստիարակութեան եւ ներշնչման աղբիւր իւրաքանչիւր երիտասարդի: Ան նշեց, որ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման մասնակիցները պարտին ոչ միայն հպարտանալ անով, այլ` առաջնորդուիլ անոր գործը շարունակելու եւ անոր ունեցած հաւատքը մեր մէջ արմատացնելու ամէնօրեայ հրամայականով:

Ապա Յ. Հաւաթեան անդրադարձաւ Արցախի կորուստին, անոր պատճառած հիասթափութեան` շեշտելով, որ այդ բոլորը պէտք է իբրեւ ժամանակաւոր կացութիւն նկատի ունենալ եւ ժողովուրդին մէջ վառ պահել պայքարունակ եւ անընկճելի ոգին, որպէսզի ան պատրաստ ըլլայ պայքարի:

«Ա՛յս է ԼԵՄ-ականի ձեր հաւատամքը, ա՛յս է վիգէններու այսօրուան ու վաղուան պատգամը: Այլապէս, չեմ վարանիր ըսելու, որ իմաստազուրկ ու ինքնանպատակ կը դառնան ժողով, ցոյց, ձեռնարկ: Այլապէս, իմաստազուրկ կը դառնայ ընդհանրապէս ԼԵՄ-ի գոյութիւնը:

«Յարատեւ կռուի ջահը բարձր պահելու համար, սակայն, դաշնակցական երիտասարդը այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, պարտաւոր է զինուելու ժամանակի համահունչ բոլոր կարելիութիւններով: Գաղափարական մեր հաւատամքի կողքին, անհրաժեշտ է, որ նոյն յանձնառութեամբ մօտենաք գիտական ու ռազմարհեստագիտական աշխարհին եւ անմասն ու անտեղեակ չմնաք հոն կատարուող փոփոխութիւններուն», ըսաւ բանախօսը` շեշտելով, որ ԼԵՄ-ը ներկայ պայմաններէն ու կարելիութիւններէն մեկնած` պէտք է պատրաստուի նոր պայքարի, նաեւ ստեղծէ հայ երիտասարդութիւնը համախմբող միջավայր:

Իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Հաւաթեան շեշտեց, թէ ԼԵՄ-ը կը հաւատայ, որ հակառակ ամէն ինչի` պիտի ծագի հայութեան նոր արշալոյսը, որուն ոտնաձայնը ինք նաեւ տալու պատրաստ է: ԼԵՄ-ը անպայման պիտի դառնայ զրահ հայութեան նորօրեայ  պայքար երթին: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրապարակենք հետագային):

Աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց Սուրէն քհնյ. Արսլանեանը:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ ԼԵՄ-ի նուագախումբի կատարումով:

Նախորդը

Նշմար. Իշխանախումբին Պարտութեան Ցուցանիշները

Յաջորդը

Մոնա Լիզայի Նկարուելու Վայրի Առեղծուածը Լուծուած Է, Կը Պնդէ Երկրաբանը

RelatedPosts

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում
Գաղութային

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?