Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` երկուշաբթի, 29 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Կոմիտաս» ակումբին մէջ, Զոքաք Էլ Պլաթ, տեղի ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Խաչելութեան ճանապարհը» եւ «Խաչելութենէն յարութիւն» զոյգ հատորներուն շնորհահանդէսը:
Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Նորայր Նաճարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, թէ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան տարիներով եղած է գաղութի պատկան մարմիններու ժրաջան անդամ: Այնուհետեւ ան հրաւիրեց Խաչիկ Տէտէեանը` ներկայացնելու զոյգ հատորները:
Տէտէեան նախ եւ առաջ ներկայացուց «Խաչելութեան ճանապարհը» հատորը, որ թէեւ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի գողգոթան, սակայն հոն կ՛ամփոփուին Հայոց ցեղասպանութեան ամբողջ արհաւիրքը, տարողութիւնը, ցաւը, բարբարոսութիւնը եւ այն ահաւոր կորուստը, որ հայ ժողովուրդը կրեց Մեծ եղեռնին: Տէտէեան նկատել տուաւ, որ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի կատարածը Ցեղասպանութեան զարհուրելիութեան կարեւոր առանցքներու շաղկապումն է. նիւթեր, որոնք նուազ ծանօթ են մեզի, ինչպէս` թուրք բժիշկներու դերակատարութիւնը Ցեղասպանութեան մէջ, հայ բժիշկներու նահատակութիւնը թուրք բժիշկներու մեղսակցութեամբ, ոդիսականը հայ մանուկներուն եւ անչափահասներուն, որոնք ենթարկուեցան անմարդկային բռնարարքներու, որբերու եւ որբաշխարհի ամբողջ պատումը` անմարդկային դրուագներով լեցուն: Տէտէեան յայտնեց, թէ բժիշկ Հարպոյեան ներկայացուցած է նիւթերու տեղեկագրութիւնն ու խտացեալ ամփոփումը` աւելցնելով, որ ան առանձին գլուխով իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Ամերիկայի պետութեան եւ ամերիկեան նպաստամատոյց ընկերութեան, դանիացի Մարիա Ճէյքպսընի զոհողութիւններուն, նուիրումին եւ 50 տարիներու ծառայութեան «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ, եւ այլն:
Խաչիկ Տէտէեան ըսաւ, որ եթէ որբահաւաքի հսկայ գործը եւ միսիոնարներու նուիրական զոհողութիւնը չըլլար, թերեւս շատեր պիտի չգոյատեւէին եւ պիտի կորսուէին թրքական ընտանիքներու մէջ կամ պիտի ոչնչանային անապատներուն մէջ: Ան յայտնեց, որ բժիշկ Հարպոյեան վէպ մը կամ բանասիրական ուսումնասիրութիւն մը չէ, որ կը ներկայացնէ մեզի, թէեւ պրպտումի եւ համադրումի աշխատանք մըն է, որ կը կատարէ, հարուստ` մէջբերումներով եւ նկարներու ճոխ հաւաքածոյով:
«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդմէջէն ան իր սրտի եւ խղճի պարտքը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ կը մատուցէ այս հատորները, յատկապէս նոր սերունդներուն` պատմական յիշողութիւնը վառ պահելու նախանձախնդրութեամբ եւ անոնց մէջ պահանջատիրական կամքը արթնցնելու յստակ առաջադրանքով», հաստատեց Խ. Տէտէեան:
Այնուհետեւ ան ներկայացուց «Խաչելութենէն յարութիւն» հատորը, որ անմիջական շարունակութիւնն է «Խաչելութեան ճանապարհը» հատորին: Ան յայտնեց, որ այս հատորին մէջ ներկայացուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսները, Սիսի պարպումէն` Սահակ Բ. կաթողիկոսէն սկսեալ մինչեւ ներկայ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ: Բժիշկ Հարպոյեան ներկայացուցած է պատմական անցուդարձերն ու կարեւոր դէպքերը, իրերայաջորդ վեհափառ հայրապետներու ապրած ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները, իւրաքանչիւրին կատարած աշխատանքն ու իրագործումները` մշակութային, եկեղեցական, շինարարական, հրատարակչական, Հայ դատի աշխատանքներու եւ մարդուժի պատրաստութեան մարզերուն մէջ: Ան առանձին գլուխ մը յատկացուցած է Ազգային սահմանադրութեան, ուր տուած է անոր պատմական գնահատականը, ստեղծման շարժառիթները, անոր ստեղծման ժամանակաշրջանին տիրած քաղաքական եւ ազգային պայմանները, հայ ամիրաներու եւ մտաւորականութեան այդ օրերու բախումին ծալքերը, գաւառի բնակչութեան եւ պոլսահայութեան միջեւ վիհը, ազգային- եկեղեցական եռուն կեանքը: «Գիրքին արժէքը կարեւոր կը նկատուի անով, որ ան ձեռնտու, ամփոփ ու հիմնական գիտելիքներու համադրում է», ըսաւ Խ. Տէտէեան եւ եզրափակելով իր խօսքը շեշտեց, թէ զոյգ հատորները վկայարան են, որ թուրքին ծրագիրը` ոչ իսկ մէկ հայ ձգելու, ձախողեցաւ, ու շնորհիւ հայ ժողովուրդի կամքին եւ հաւատքին, զոհաբերութեան եւ վճռակամութեան տոկաց, ան ապրեցաւ ու կը գոյատեւէ:
Այնուհետեւ երախտագիտական ու շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին զոյգ հատորներու հրատարակութեան, յատկապէս հատորներու մեկենաս Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեան ամոլին: Բժիշկ Հարպոյեան նկատել տուաւ, թէ իբրեւ վերապրողի զաւակ եւ այդ տառապանքներուն ժառանգորդ ու հետեւանքներուն ենթակայ ըլլալու հանգամանքով խղճի պարտք նկատած է անդրադառնալ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին արձանագրուած կարգ մը երեւոյթներու: Ան ըսաւ, որ զոյգ աշխատութիւններով կ՛ուզէ յիշեցնել եւ թարմացնել մեր ժողովուրդին, մանաւանդ ներկայ եւ յաջորդող սերունդներուն միտքերը, որ թուրքը փորձեց յաւիտենական խաւարի մէջ նետել հայը, սակայն հայ ազգի որբ եւ գաղթական բեկորները, ուր որ ալ հասան, յամառօրէն եւ վճռականօրէն ոտքի կանգնեցան իբրեւ շինարար ժողովուրդ եւ կրօնական, քաղաքական ու մարդասիրական ղեկավարութիւն` աւելցնելով, որ ինք կ՛ուզէ բոցավառել նորահաս եւ գալիք սերունդներուն հոգիները անոնց աւանդելով, թէ իրենք են ժառանգորդները եւ իրաւատէրերը հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն ու դատին:
Այնուհետեւ Նորայր Նաճարեան բժիշկ Հարպոյեանին յանձնեց Շահէն Խաչատուրեանի աշխատութեամբ Այվազովսքիի ալպոմը` անգլերէնով եւ արաբերէնով հրատարակուած, նաեւ Գառնիկ Բանեանի «Այնթուրայի որբանոցը» գիրքին առաջին տպագրութիւնը:
Աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու բժիշկ Հարպոյեանին, որմէ ետք ան մակագրեց իր գիրքերը: