Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին եւ հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, երեքշաբթի, 1 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի համոյթին աշուղական եւ հայրենասիրական երգերու համերգը:
Համոյթին գեղարուեստական ղեկավարն էր Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանը, իսկ գործիքային բաժինի ղեկավարը` Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ եւ քամանչահար Վարդան Պաղտասարեան:
Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա համոյթը կատարեց իր առաջին ներկայացումը` արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատանքին եւ բուռն ծափահարութիւններուն:
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետ Թամար Սթամպուլեան ըսաւ, թէ այնճարցիները պատիւն ունին դիմաւորելու «Սայաթ-Նովա» աշուղական վաստակաւոր համոյթը եւ վայելելու անոր ուրոյն կատարումները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին Այնճարի մէջ նման նախաձեռնութեամբ հանդէս գալուն համար:
Այնուհետեւ «Սայաթ-Նովա» համոյթը իր երգիչներուն հիասքանչ ձայնով եւ գեղեցիկ կատարումներով պահ մը բոլոր ներկաները տեղափոխեց հայրենիք` շնչելու հայոց լեռնաշխարհի անապական զով օդը եւ վայելելու հայոց անմահական դաշտերու ծաղիկներուն անոյշ բոյրը:
Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Այնճարը իր դպրոցներով, եկեղեցիներով եւ մշակութային կառոյցներով կը ներկայացնէ սփիւռքի կարեւոր մասնիկներէն մէկը եւ մաղթեց, որ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը մնան ապահով եւ խաղաղ:
Համոյթի անդամ Արթուր Մնացականեան հերթաբար ներկայացուց համոյթի անդամները, անոնց նուագարաններն ու կատարումները:
Համերգին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ջիւանիի անուան դպրոցի սաներէն` լիբանանահայ երգչուհի Քարմէն Աճէմեան:
Յատկանշական էր այն, որ համոյթին ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով Այնճարի մէջ հնչեց Մուսա Լերան նուիրուած երգը (բառերու հեղինակ Գէորգ Էմին):
Համոյթի աւարտին ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամ դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքեր ուղղելէ ետք` պատուեց համոյթի ղեկավար փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեանը անոր յանձնելով Մուսա Լերան շքանշանը: