Յուլիսեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած, Հայաստանի պաշտպանութեան ուժին մաս կազմած Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով պիտի մասնակցի Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց 25-ամեակի ժողովրդային հանդիսութեան:
Նահատակ Անդրանիկ Զոհրապեան ծնած է 1996-ին` Վետի քաղաքը: 2002-էն հաստատուած է Արարատի մարզի Ուրցաձոր գիւղը: 2002-ին ընտանիքով տեղափոխուած է եւ մնայուն բնակութիւն հաստատած Վետի: 2003-2011 յաճախած է շրջանի Գագիկ Մարգարեանի անուան միջնակարգ դպրոցը: 2011-ին ընդունուած է Հայաստանի Եւրոպական քոլեճ եւ աւարտած` 2014 թուականին: 2014-ին ընդունուած է հայկական պետական մարզամանկավարժական հիմնարկի ֆութպոլի բաժին: Զօրակոչուած է Հայաստանի բանակ 16 յուլիս 2014-ին, Արարատի զօրամաս: Ծառայած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ: Նահատակուած է 2 յուլիս 2016-ին` Մարտակերտի մարտական գործողութիւններուն ընթացքին, իր ընկերներ սպայ Արմենակ Ուրֆանեանի, Ռոպերթ Ապաճեանի եւ Քիարամ Սլոյեանի հետ նոյն դիրքին մէջ հերոսաբար կռուելով եւ ետ մղելով թշնամիի երեք յարձակում ու առա՛նց նահանջելու իյնալով հերոսի մահով:
8 ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով պետական սահմանը պաշտպանելու առնչութեամբ իր ցուցաբերած արիութեան համար Անդրանիկ Զոհրապեան յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 4 մայիս 2016-ի հրամանագիրով` հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու, իր կեանքին գնով ծառայողական իր պարտքը կատարելու, ցուցաբերած արիութեան եւ անձնազոհութեան համար յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական խաչ» թիւ 1 աստիճանի շքանշանով:
Յարգելու համար յիշատակը բոլոր անձնուրացներուն, որոնց թանկ արեամբ կերտուեցան 25-ամեայ զոյգ հանրապետութիւնները, նահատակ Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքին` Ատոմի եւ Ալլայի ներկայութիւնը այս հանդիսութեան կու գայ դառնալու խորհրդանշական պատգամ, եւ անոնց ընդմէջէն լիբանանահայութիւնը իր յարգանքի ու երախտագիտական արտայայտութիւնը կը փոխանցէ «Վասն հայրենեաց հողի պաշտպան» մեր նոր մարտիկներուն եւ ջան ֆետայիներուն:
Յարգա՛նք անոնց վառ յիշատակին: