«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ 3 հոկտեմբեր 2016-ի կէսօրուան ժամերուն, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները շարունակեցին հրթիռակոծել Նոր Գիւղ, Սուլէյմանիէ, Թելֆոն Հաուայի շրջանները:
Նոր Գիւղի շրջանին մէջ ինկած հրթիռի մը պատճառով թեթեւակիօրէն վիրաւորուած են 1997-ի ծնունդ Քարլօ Արամ Ֆերմանեանն ու անոր մայրը` Նաուալ Ապտոն:
Զոհեր չեն արձանագրուած: