Կազմակերպութեամբ Լիբանանի տարածքին գտնուող համալսարաններու հայկական ուսանողական ակումբներուն, երէկ` ուրբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արդէն իսկ տարեկան աւանդութիւն դարձած հայկական երեկոն:
Մօտ 300 հայ ուսանողներ համախմբող այս երեկոյին բացումը կատարեց եւ բոլորին բարի գալուստ մաղթեց Նարէ Աղասարգիսեան: Ան շեշտեց, որ հայկական երեկոն կը նպատակադրէ տէր կանգնիլ հայկական մշակոյթին, կառչիլ հայկական սովորութիւններուն, արժէքներուն, երգերուն եւ պարերուն: Կազմակերպիչներուն անունով ան յայտարարեց, որ այդ հաւաքէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի «Իմ Արցախ» կարգախօսով համահայկական դրամահաւաքին: Այսպիսով, հայ ուսանողը իր կարգին նաեւ նեցուկ պիտի կանգնի հայրենիքին եւ Արցախի սահմանները պաշտպանող հայ զինուորին:
Երեկոյին ընթացքին տիրեց հայկական ճոխ մթնոլորտ, հնչեցին հայ երգն ու երաժշտութիւնը, հրամցուեցան հայկական ճաշեր, թնդացին հայկական ազգագրական պարերը եւ յաղթանակի շուրջպարը: