«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան երէկ այցելեց «Ազդակ», հանդիպեցաւ տնօրէնութեան հետ եւ մօտէն ծանօթացաւ «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տարուող թուայնացման աշխատանքներուն:
Քննարկումի նիւթ էին սփիւռքահայ մամուլը, մարդուժի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը, արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հարցը եւ մամլոյ թուայնացման աշխատանքներուն ներկայ պատկերը: