Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Կաթողիկէ Եւ Արեւելեան Ուղղափառ Ոչ Քաղկեդոնական Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան

February 1, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21-28 յունուարի 2017-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ ոչ քաղկեդոնական եկեղեցիներուն միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ ժողովին 14-րդ հանդիպումը: Արեւելեան ոչ քաղկեդոնական եկեղեցիներու ընտանիքին ներկայացուցիչներն են` Անտիոքի ասորի եկեղեցին, Հայ առաքելական եկեղեցին, Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին, Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցին եւ Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցին: Հանդիպումը կայացաւ Պապական խորհուրդի Քրիստոնէական միութեան սատարող բաժանմունքին մէջ:

Վերջին քանի մը տարիներուն յանձնախումբի հանդիպումներուն իբրեւ աստուածաբանական երկխօսութեան նիւթ կը քննարկուին եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդները: Այս հանդիպումին իբրեւ գլխաւոր նիւթ ներկայացուեցաւ եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն երրորդը` Ս. հաղորդութեան խորհուրդը կամ պատարագը իր ծագումով, զարգացումով, ներկայի օգտագործման վիճակով եւ իր աստուածաբանական ու եկեղեցաբանական հասկացողութեամբ:

Սոյն ժողովին հայ եկեղեցին կը ներկայացնէին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութենէն` Խաժակ արք. Պարսամեանն ու Շահէ Ծ. վրդ. Անանեանը, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն` Մեղրիկ եպս. Բարիքեանն ու Մակար եպս. Աշգարեանը: Մակար սրբազանը ներկայացուց հայ եկեղեցւոյ Ս. պատարագի խորհուրդի պատմական ծագումը, հոլովոյթը, զարգացումն ու ներկայ վիճակը, իսկ հայր Շահէն` նոյն խորհուրդին մասին հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական եւ եկեղեցաբանական հասկացողութիւնը:

Ժողովի աւարտին կարդացուեցաւ ընդհանուր զեկուցումը, պատրաստուեցաւ ժողովի ամփոփ եզրակացութիւնը, որոշուեցան յառաջիկայ տարուան հանդիպման թուականը, ներկայացուելիք նիւթերը, ինչպէս նաեւ ժողովի վայրը, որ պիտի ըլլայ Ս. Էջմիածնի մէջ, Հայաստան:

Ժողովականները կարելիութիւն ունեցան երկու առիթներով հանդիպելու սրբազան քահանայապետին հետ: Այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող սրբազան հայրերը Արամ Ա. կաթողիկոսին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեցին սրբազան քահանայապետին:

Նախորդը

Ազգ-Բանակ Հայեցակարգին Ներառել Նաեւ Սփիւռքի Մէջ Հայկական Համայնքներու Պաշտպանութեան Առաջադրանքը

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին. Հայդուկապետ Քեռիին Նուիրուած Ձեռնարկ

RelatedPosts

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գաղութային

Հայրապետական Կոչ Միջին Արեւելքի Մեր Թեմերու Ժողովուրդին⁷

March 9, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Շնորհաւորէ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Շնորհաւորէ

March 9, 2026
Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը  Անմիջականօրէն Դադրեցնելու  Շատ Յոյսեր Չկան»
Գաղութային

Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը Անմիջականօրէն Դադրեցնելու Շատ Յոյսեր Չկան»

March 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.