5 փետրուարին իր մահկանացուն կնքեց լիբանանեան եւ լիբանանահայ արուեստի մարզին մէջ իր դերն ու դրոշմը ունեցած գեղանկարիչ Զոհրապ (Քէշիշեան)` հիւանդութեան հետ ծանր պայքար մղելէ ետք:
Լոյսի, գոյնի, յոյսի եւ գեղեցիկի նկարիչը հանդիսացող Զոհրապ ծնած է Հալէպ, 1943 թուականին, արուեստի իր կրթութիւնը ստացած է Հալէպի յունական արուեստի հիմնարկին մէջ, որմէ վկայուած է 1961-ին, ապա եկած է Լիբանան, ուր բարձրագոյն ուսումը ամբողջացուցած է իտալական «Ժուլիանօ» արուեստանոցին մէջ, 1970-ին, անկէ ետք արուեստի բարձրագոյն վկայականի տիրացած է Քասլիքի արուեստի հիմնարկէն:
1972 թուականէն սկսած է աշխատիլ իբրեւ արհեստավարժ գեղանկարիչ եւ դասախօս: Նկարած է լիբանանեան եւ օտար քաղաքական գործիչներու, նախագահներու եւ հոգեւորականներու դիմանկարներ:
1972-էն 2016 տուած է աւելի քան 40 անհատական ցուցահանդէսներ` Լիբանանի, Սուրիոյ, Քուէյթի, Միացեալ Նահանգներու, Կիպրոսի եւ Քանատայի մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցած է մեծաթիւ հաւաքական ցուցահանդէսներու: Անոր գործերը տարածուած են աշխարհով մէկ` Իտալիա, Զուիցերիա, Սուրիա, Կիպրոս, Միացեալ Նահանգներ, Քուէյթ, Քանատա եւ այլն:
Զոհրապի գործերուն մէջ կը հանդիպինք զանազան կերպարներու, ինչպէս` կինը, հողը, բնութիւնը, մանուկը, կարօտը, սէրը եւ այլն…
Անոր գործերը կարելի է դասել իբրեւ տպաւորապաշտ, խորհրդապաշտ, վիպապաշտ, գերիրապաշտ դասական դպրոցներու պատկանող գործեր:
Տիրացած է բազմաթիւ մրցանակներու: