26 յունուար 2017-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պաշտօնական այցելուներու շարքին յաջորդաբար ընդունեց.
– Լիբանանեան բանակի հրամանատարը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` բաղկացած երկու զօրավարներէ եւ մէկ գնդապետէ, որոնք եկած էին իրենց բարեմաղթութիւնները ներկայացնելու վեհափառ հայրապետին: Հանդիպումը կեդրոնացաւ առաւելաբար Լիբանանի ներքին ապահովութեան առնչուած հարցերու վրայ:
– Ժիպէյլի քաղաքապետը, որ եկած էր խորհրդակցելու վեհափառ հայրապետին հետ «Թռչնոց բոյն»-ին առնչուած կարգ մը ծրագիրներու եւ աշխատանքներու մասին:
– Լիբանանի երկխօսութեան յանձնախումբի ատենապետն ու ընդհանուր քարտուղարը` Հարես Շեհապն ու տոքթ. Մոհամետ Սամմաքը, որոնք եկած էին վեհափառ հայրապետին յանձնելու համագումարի հրաւէր մը` Շէյխ Ազհարի կողմէ:
– Կրօններու եւ մշակոյթներու երկխօսութեան յանձնախումբի ատենապետ շէյխ Ապպաս Նապուլսի, որ եկած էր վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցելու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած հարցերու մասին: