Երէկ իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ հանրածանօթ թմբկահար, արաբական աշխարհին մէջ մեծ համբաւ վայելող Սեդրակ Սարգիսեան:
Սեդրակ Սարգիսեան եղած է Լիբանանի Արհեստավարժ երաժիշտներու սենտիքայի փոխնախագահը: Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, մասնաւորաբար լիբանանեան երաժշտութեան ոսկեդարուն, մնայուն ընկերակիցը եղած է երգարուեստի մարզին մէջ իրենց դրոշմը դրած հռչակաւոր աստղերուն:
Սեդրակ Սարգիսեան լիբանանեան եւ արաբական երաժշտական լայն շրջանակներուն կողմէ ճանչցուած էր իբրեւ «թմբուկի թագաւոր»:
Յայտնենք, որ գնահատելով Սեդրակ Սարգիսեանի վաստակը արուեստի մարզին մէջ, 2009 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը զինք պարգեւատրեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: Սեդրակ Սարգիսեան յուշանուէրով մը պարգեւատրուած է նաեւ «Վանայ Ձայն»-ի «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընդմէջէն: